ԸՍՏ ԹՐՔԱԿԱՆ ԼՐԱՏՈՒԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒՆ ՔԱՅԻՏԱ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԷՐ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՇԷՆՔԸ ՊԱՅԹԵՑՆԵԼՈՒ
Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով թրքական լրատուամիջոցները, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ապահովութեան ուժերու աշխատակիցները Քայիտա միջազգային ահաբեկչական ցանցի 11 անդամներ ձերբակալած են: Անոնք կը պատրաստուէին Թուրքիոյ խորհրդարանի շէնքը պայթեցնելու:
Քայիտայի թրքական բջիջի անդամներուն տան մէջ կատարուած խուզարկութեան ընթացքին յայտնաբերուած է 700 քիլոկրամ պայթուցիկ նիւթ, զոր ահաբեկիչները կը պատրաստուէին օգտագործել Թուրքիոյ խորհրդարանի շէնքը եւ Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը պայթեցնելու համար:
Քննչական մարմինները բացայայտած են, որ Քայիտայի անդամները Թուրքիա մուտք գործած են 11 յուլիս 2011-ին եւ չորս ամիս ահաբեկչական գործողութիւններ գործելու պատրաստութիւն տեսած:
Կը հաղորդուի, որ ահաբեկիչները կը պատրաստուէին յարձակումներ գործել նաեւ Անգարայի եւ Պոլսոյ մէջ գտնուող եկեղեցիներու դէմ: