2-3 ԱՊՐԻԼԻՆ` ՊԷՅՐՈՒԹԻ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ 4-ՐԴ ԽԱՂԵՐ` ԺԱՄՀՈՒՐԻ ՄԷՋ
Կազմակերպութեամբ «Սփոր Էվազիոն» ընկերութեան, յառաջիկայ 2-3 ապրիլին Ժամհուր ակումբին մէջ տեղի պիտի ունենան Պէյրութի ընկերութիւններու 4-րդ խաղերը` մասնակցութեամբ 32 ընկերութիւններու եւ հաստատութիւններու:
Այս ուղղութեամբ յաւելեալ լուսաբանութիւններ եւ մանրամասնութիւններ տալու նպատակով «Սփոր Էվազիոն» ընկերութեան նախագահ Պասսամ Թըրք` ներկայութեամբ Ժամհուր ակումբի մարզական հարցերու պատասխանատու Ժոզեֆ Զաքքուրի, «Քաունթրի Լոճ»ի մէջ (Պսալիմ) տուաւ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը:
Մասնակցութեամբ 4800 մարզիկներու տեղի պիտի ունենան աւելի քան 32 տարբեր տեսակի մարզաձեւեր, որոնց գլխաւորները սակայն պիտի ըլլան պասքեթպոլ, փինկ փոնկ, աթլեթիզմ, մինի-ֆութպոլ , սքուաշ, հեծելարշաւ, ճատրակ եւ այլն:
CATEGORIES Մարզական


