ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԷՄ ՅԱՂԹԱՆԱԿ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵԼՈՒ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ. ՌՈՒՍԻՈՅ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԻՆ ՄԱՐԶԻԿՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՍՏԱՆԱՆ 40 ՀԱԶԱՐԱԿԱՆ ԵՒՐՕ
Ռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ երկրին ազգային հաւաքականին մարզիկները Հայաստանի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին (Եւրօ-2012) յաղթանակ արձանագրելու պարագային պիտի ստանան 40 հազարական եւրօ:
Այդ պարգեւատրման մասին խօսեցաւ նաեւ մարզիչ Տիք Ատվոքաթ, որ ըսաւ. «Ես կը կարծեմ, որ յաղթանակի պարագային անարդար է ազգային հաւաքականին ֆութպոլիստները չվարձատրել: Մեր կազմը իր այս մրցումը պիտի չկատարէ այնպէս, ինչպէս ճակատեցաւ Պելճիքայի եւ Իրանի դէմ տեղի ունեցած մրցումներուն: Հակառակ անոր որ Հայաստան լաւ մրցակից մըն է, սակայն եթէ յաջողինք Այիրի եւ Մակեդոնիոյ դէմ տեղի ունեցած մրցումներուն նման յարձակողական խաղաոճ կիրարկել, կրնանք ապահովել երեք կէտը»:
Իր խօսքին վերջին բաժինին մէջ հոլանտացի մարզիչը ըսաւ. «Կը կարծեմ, որ այս մրցումին արդիւնքը այժմէն իսկ պիտի չճշդէ, թէ ո՛վ պիտի ըլլայ աւարտական հանգրուանի մրցումներուն տոմսը ապահովողը` նկատի ունենալով, որ ցարդ այլ մրցումներ ալ պիտի կատարուին: Սակայն մէկ բան կրնամ յստակօրէն ըսել, որ յաղթանակի պարագային հինգ կէտով պիտի գերազանցենք Հայաստանը»: