ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՆԻՍՏԻՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ` «ՖԻՆԻՒԼ-Ի ԴԷՄ ԳՈՐԾՈՒԱԾ ՊԱՅԹՈՒՄԸ ՊԻՏԻ ՉԱԶԴԷ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ԹԱՓԻՆ ՎՐԱՅ» ԿԸ ՇԵՇՏԷ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ
Կառավարութիւնը երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի նախագահութեամբ:
Նիստին ընթացքին կառավարութիւնը շարունակեց քննարկել անցեալ չորեքշաբթի օրուան նիստի օրակարգին վրայ գտնուող հարցերը` օրակարգէն դուրս նկատի ունենալով Սուրի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի մաս կազմող ֆրանսական ջոկատին դէմ գործուած պայթումը:
Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք յայտնեց, որ նիստին ընթացքին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի խստիւ դատապարտած է ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն դէմ գործուած պայթումը` աւելցնելով, որ ան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ, որ իր կարգին դատապարտած է պայթումը` զայն նկատելով ահաբեկչական արարք:
Տաուք նշեց, որ վարչապետ Միքաթի շեշտած է, որ ՖԻՆԻՒԼ-ին դէմ գործուած պայթումը իր ազդեցութիւնը պիտի չունենայ կառավարութեան աշխատանքի թափին վրայ` կոչ ուղղելով բոլորին չկանխելու այդ պայթումին վերաբերեալ բացուած հետաքննութեան արդիւնքները եւ պահպանելու երկրին ապահովական կայունութիւնը:
Տաուք յայտնեց, որ կառավարութիւնը խստիւ դատապարտած է ֆրանսական ջոկատը թիրախ դարձուցած պայթումը,
առողջապահութեան նախարարութեան եւ զբօսաշրջական ոստիկանութեան մարզերուն մէջ պաշտօնեաներ նշանակած է, կազմած է Թրիփոլիի ողիմպիական դաշտին վարչական յանձնախումբը, ինչպէս նաեւ ուժանիւթի նախարարութեան եւ կրթական հաստատութիւններու վերաբերող շարք մը պահանջներ վաւերացուցած:
Նշենք, որ յառաջիկայ երկուշաբթի օր կառավարութիւնը նախագահական պալատին մէջ պիտի գումարէ նիստ մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին ընտրական օրէնքին վերաբերող հարցեր, օր մը ետք` երեքշաբթի, վարչապետարանին մէջ պիտի գումարուի ընթացիկ հարցերու օրակարգով կառավարութեան նիստ մը, իսկ չորեքշաբթի օր կառավարութիւնը դարձեալ նախագահական պալատին մէջ պիտի գումարէ նիստ մը` քննարկելու համար պետական պիւտճէի ծրագիրը: