ՊԸՐՐԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻՐԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Ապատի եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ապատի յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկած են Իրանի կողմէ վար առնուած ամերիկեան հետախուզական անօդաչու սարքին վերաբերող մանրամասնութիւններ: Ան ըսաւ, որ շրջանին մէջ ամերիկեան յարձակումներն ու շանթաժը շատ վտանգաւոր են:

Ապատի յայտնեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս Սուրիոյ զարգացումները: Այս ծիրին մէջ ան շեշտեց, որ սուրիացի ժողովուրդը միաժամանակ կը զօրակցի սուրիական վարչակազմին եւ բարեկարգումին:

Միւս կողմէ, «Աֆքար» շաբաթաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին Պըրրի շեշտեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը պէտք էր սահմանադրական ընթացք ունենար, «սակայն իրականութեան մէջ անիկա սահմանադրական չէ եւ այդ պատճառով ալ ոմանք կը մերժեն զայն», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ այդ ատեանը հիմնելու հաւանութիւն չէ տրուած հանրապետութեան նախագահին եւ խորհրդարանի նախագահին կողմէ:

Պըրրի շեշտեց, որ Միջազգային դատական ատեանը ֆինանսաւորելու առումով իր ներկայացուցած ելքը չի նշանակեր, թէ ինք այդ ատեանին վերաբերեալ իր կարծիքը փոխած է: Ան դիտել տուաւ, որ լիբանանեան ընդդիմութիւնը խիստ ընդվզած է ապահովուած այդ ելքին համար` շեշտելով, որ ընդդիմադիր ուժերուն նպատակն էր, որ ֆինանսաւորումին պատճառով Լիբանանի կառավարութիւնը հրաժարի եւ երկիրը ուղղուի դէպի անիշխանութիւն:

«Միջազգային դատական ատեանը ֆինանսաւորելու համար գտած ելքիս նպատակը այդ ատեանը պաշտօնապէս ճանչնալ եւ զայն ընդունիլ չէ, այլ` Լիբանանը փրկել իր դիմագրաւած լուրջ հարցերէն», ըսաւ խորհրդարանի նախագահը:

 

Share this Article
CATEGORIES