ՍՈՒՐԻ ՄԷՋ ՊԱՅԹՈՒՄ ՄԸ ԹԻՐԱԽ ԿԸ ԴԱՐՁՆԷ ՖԻՆԻՒԼ-Ի ՈՒԺԵՐՈՒՆ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ՋՈԿԱՏԸ
Երէկ առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Սուրի մէջ պայթում մը թիրախ դարձուց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող ֆրանսական զօրամասի մէկ փոխադրակառքը, երբ ֆրանսական շրջուն ջոկատ մը կ՛անցնէր Պըրժ Շամալի եւ Հաուշ շրջանին միջեւ գտնուող Նապպահա շրջանէն:
Լիբանանեան բանակին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւն մը նկատել տուաւ, որ պայթումը պատահած է իբրեւ արդիւնք աղբակոյտի մը մէջ զետեղուած ականի մը, որ պայթած էր ֆրանսական փոխադրակառքի անցնելուն պահուն` պատճառելով 7 վիրաւոր, որոնցմէ 5-ը զինուորներ, իսկ 2-ը` քաղաքայիններ, որոնք պատահմամբ նոյն շրջանէն կ՛անցնէին:
Վիրաւորները անմիջապէս փոխադրուեցան հիւանդանոց, իսկ լիբանանեան բանակը փութաց շրջափակել պայթումին վայրը եւ իսկոյն հետաքննութիւն մը բացաւ` գործակցելով ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն հրամանատարութեան հետ:
Դէպքին վայրը ուղղուեցաւ նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի իտալական զօրամասին մաս կազմող սակրաւորներու խումբ մը` հետաքննելու համար պայթումին պայմանները:
Պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն նախագահ Սլէյմանի կողմէ գործուղուեցաւ հիւանդանոց, ուր այցելեց վիրաւոր զինուորներուն ու քաղաքայիններուն անոնց մաղթելով շուտափոյթ ապաքինում:
Ղոսըն խստիւ դատապարտեց ՖԻՆԻՒԼ-ը հարուածած այս արարքը` շեշտելով, որ անիկա Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն ապահովութիւնը եւս թիրախ կը դարձնէ:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման, որ պաշտօնական այցելութեամբ մը կը գտնուի Հայաստան, Երեւանէն կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ նշեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ին մաս կազմող ֆրանսական զօրամասին դէմ գործուած այս յարձակումին նպատակն է զայն մղել Լիբանանէն հեռանալու եւ արգելակել անոր խաղաղապահ առաքելութիւնը:
Նախագահ Սլէյման ըսաւ, որ Լիբանանի համար մեծ ջանքեր ի գործ դրած երկիրը` Ֆրանսան նման ահաբեկչական արարքներու դիմաց անձնատուր չ՛ըլլար:
Իր կարգին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի խստիւ դատապարտեց պայթումը` աւելցնելով, որ հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ը թիրախ դարձուցած ահաբեկչական այդ արարքը կը միտի Լիբանանը վերածել անապահով վայրի մը եւ ազգային անվտանգութիւնը հարուածել:
Պըրրի կոչ ուղղեց բանակին եւ ապահովական կառոյցներուն յաւելեալ զգուշաւորութեամբ վարուելու եւ ճիգ չխնայելու` այդ արարքը գործող կողմերը բացայայտելու նպատակով:
Միւս կողմէ, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի դատապարտեց ՖԻՆԻՒԼ-ի դէմ գործուած պայթումը:
Վարչապետարանին մէջ ապահովական ընդարձակ նիստի մը նախագահելու ընթացքին վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանան պետական եւ ժողովրդային մակարդակի զօրակցութիւն կը ցուցաբերէ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն նկատմամբ:
«Նման պայթումները միայն միջազգային ուժերը չէ որ թիրախ կը դարձնեն, այլեւ` լիբանանցիներուն ապահովական կայունութիւնն ու խաղաղութիւնը», նշեց ան:
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի դատապարտեց ֆրանսական զօրամասին դէմ գործուած պայթումը` շեշտելով, որ այդ արարքը կը միտի Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը խախտել:
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն դատապարտեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն դէմ գործուած այս ահաբեկչական արարքը` աւելցնելով, որ այդ ուժերը հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած են լիբանանցիներուն հաւանութեամբ, որպէսզի հսկեն սահմանային խաղաղութեան:
Ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել դատապարտելէ ետք Սուրի մէջ գործուած արարքը ընդգծեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն առաքելութիւնն է պահպանել խաղաղութիւնը, ինչպէս նաեւ գործադրել ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւը:
Հըզպալլայի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւն մը դատապարտեց ֆրանսական ջոկատին դէմ գործուած ահաբեկչական այս արարքը:
Հաղորդագրութեան մէջ ընդգծուեցաւ, որ այդ պայթումը կը հարուածէ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը եւ յատկապէս հարաւային Լիբանանը:
Մարատա հոսանքին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ խստիւ դատապարտուեցաւ ՖԻՆԻՒԼ-ին դէմ գործուած պայթումը եւ շուտափոյթ ապաքինումի մաղթանքներ ուղղուեցան վիրաւոր զինուորներուն ու քաղաքայիններուն:
Ամալ շարժումը դատապարտեց ՖԻՆԻՒԼ-ին դէմ գործուած յարձակումը եւ կոչ ուղղեց ապահովական այդ միջադէպին առնչութեամբ հետաքննութիւն բանալու:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէ յայտնեց, որ պայթումը Ֆրանսան երկիւղի չի մատներ:
Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան պատասխանատու Քեթրին Էշթըն դատապարտեց ՖԻՆԻՒԼ-ին դէմ գործուած պայթումը` նկատել տալով միաժամանակ որ ութ ամսուան մէջ այս պայթումը երրորդն է, որ կը հարուածէ ՖԻՆԻՒԼ-ը:
Էշթըն նշեց, որ այս իրականութիւնը կը դժուարացնէ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն աշխատանքը: Ան կոչ ուղղեց լիբանանեան իշխանութիւններուն ամրապնդելու Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը եւ սերտօրէն գործակցելու ՄԱԿ-ի հետ:
Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի դէմ գործուած պայթումը կը ծառայէ թշնամի Իսրայէլի շահերուն:
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր ընդգծեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի դէմ գործուած պայթումին նպատակն է Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը հարուածել: Ան կոչ ուղղեց բացայայտելու յանցագործները: