ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿՈՂՄԻՆ ՅՍՏԱԿԱՑՈՒՄԸ

Լիբանանի նախագահին այցելութիւնը Երեւան, Հայաստանի նախագահին կողմէ ընդունելութիւնը, միացեալ մամլոյ ասուլիսը, երկկողմ 7 նոր համաձայնագիրներու ստորագրութիւնը, տակաւին` Ծիծեռնակաբերդ այցն ու այնտեղ թողած արձանագրութիւնը կու գան շեշտակիօրէն տեղադրուելու Հայաստան-Լիբանան միջպետական յարաբերութիւններու սերտացման ընդհանուր քայլերու շարքին մէջ: Շարք մը, որ վերջերս թափ առած էր Լիբանանի խորհրդարանի նախագահին Երեւան ժամանումով եւ անոր հետեւած` Հայաստանի կրթութեան նախարարին Պէյրութ այցելութեամբ ու կրթական մարզին մէջ Հայաստանի կառավարութեան բերած օժանդակութեամբ:

Այս բոլորը բնականօրէն կարելի է դիտարկել մեր հակառակորդներուն ցոյց տուած աշխուժութեան դիմաց առնուած քաղաքական գործողութիւններու ընդհանուր շրջագիծին մէջ: Այս առումով ալ պէտք չէ անտեսել  երկու նախագահներուն տուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին հնչած կարեւոր յայտարարութիւնները:

Նախագահ Սարգսեանի սուր նկատառումը` իսլամական վեհաժողովները օգտագործելով Ազրպէյճանի կատարած հակահայ քարոզչութեան անհեթեթութիւնը մատնացոյց ընող, առիթ հանդիսացաւ, որ Լիբանանի նախագահը իբրեւ արձագանգ արծարծուած նկատառումին կատարէ կարեւոր յստակացում:

Այսպէս. նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ Լիբանանի պաշտօնական կեցուածքը ղարաբաղեան հակամարտութեան նկատմամբ որեւէ ձեւով չի կապուիր հարցին կրօնական երանգներ հաղորդելու մօտեցումներուն Աւելի՛ն. Լիբանանի թիւ 1 ղեկավարը իր համաձայնութիւնը յայտնեց հարցի կարգաւորման համար Մինսքի խմբակը իբրեւ գործող ձեւաչափ ընդունելու եւ աւելցուց, որ հարցի կարգաւորումը կը պահանջէ միջազգային օրէնսդրութեան հիման վրայ յարգել ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը:

Նախագահ Սլէյմանի այս յստակացումը նախ ուղղուած է Պաքուին. այսպիսով, Լիբանան պաշտօնապէս կը հակադրուի ազրպէյճանական նկրտումներուն դէմ իր անհամաձայնութիւնը յայտնելով թէ՛ բանակցային ձեւաչափի փոփոխութեան, թէ՛ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքի գերադասման եւ թէ՛ հակամարտութեան կրօնական բնոյթ տալուն:

Լիբանանեան բարձրագոյն ղեկավարութեան կողմէ այս յայտարարութիւնը կարելի է որակել աննախադէպ, պաշտօնական կեցուածքի  յստակացման կարգով: Այս մօտեցումէն այլեւս որեւէ շեղում պէտք չէ կատարէ պաշտօնական Պէյրութը ներկայացնող որեւէ պատուիրակութիւն, ոեւէ բարձրաստիճան պաշտօնատար: Այս մէկը ցուցմունք է նաեւ իսլամական վեհաժողովներուն մասնակցող Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարին կամ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւններուն: Հայկական կողմը նախագահ Սլէյմանի յայտարարութիւններուն մնայուն յղում կատարելու առիթներ պիտի ունենայ անպայման:

Տեղին է յիշելը, որ Լիբանան միակ արաբական պետութիւնն է, որ իր խորհրդարանով ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այժմ Ղարաբաղի հարցով նախագահի յայտարարութեամբ կը յստականայ նաեւ Արցախի հակամարտութեան նկատմամբ Պէյրութի կեցուածքը: Անգարան եւ Պաքուն քաղաքական շահարկումներ կատարելու շատ տեղ չունին այս երկու հարցերուն մէջ:

Share this Article
CATEGORIES