«ԵՍ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՑԱՒԸ ՇԱՏ ԼԱՒ ԿԸ ՀԱՍԿՆԱՄ» Կ՛ԸՍԷ ՊԵՌՆԱՐ ՖԱՍԻԷ

Պեռնար Ֆասիէ

Ֆրանսայի ծերակոյտին մէջ 8 դեկտեմբերին տեղի ունեցած է «Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ տագնապը. մոռցուած տագնապ» եւ «ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ֆրանսացի համանախագահը» նիւթերով կլոր սեղան մը:

Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան աջակցութեամբ տեղի ունեցած կլոր սեղանին ընթացքին խօսք արտասանած է նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ֆրանսացի համանախագահ Պեռնար Ֆասիէ, որ ներկաներուն  պատմած է Մինսքի խմբակի գործունէութեան, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ուղղուած` կառոյցի վերջին տարիներու նախաձեռնութիւններուն մասին:

Ֆասիէ ընդգծած է, որ հակառակ այն հանգամանքին, որ խմբակը իր գործունէութեան սկսած է 1994-ի մայիսին, հիմնական աշխատանքները սկսած են կեանքի կոչուիլ 1997-էն ետք:

«Այսօր սեղանի վրայ գտնուող փաստաթուղթի իւրաքանչիւր տարբերակը փաստաթուղթ մըն է, որ մեր կողմէ մշակուած է 2005-էն ի վեր: Ի հարկէ, ես ալ շատ լաւ կը հասկնամ Ազրպէյճանի ցաւը. այդ երկրին հողերը բռնագրաւուած են: Իբրեւ ֆրանսացի` ես լաւ գիտեմ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ բռնագրաւում, սակայն Մինսքի խմբակը անգործութեան մէջ մեղադրելը արդար չէ: Մենք կողմերուն չենք կրնար ստիպել վերջնական տարբերակ ընդունիլ: Կողմերը իրենք պէտք է համաձայնութեան գան, մենք պէտք է այդ հարցին մէջ օգնենք անոնց: Այսօր մեր խնդիրը պատերազմի վերսկսումը բացառելն է: Այսպիսի սթաթիւս քոյի պայմաններուն մէջ պատերազմը որեւէ պահու կրնայ բռնկիլ: Մեր երկրորդ յաջողութիւնը այն է, որ կողմերը այսօր բանակցութիւններու սեղանին շուրջ նստած են», ըսած է ան:

Ֆասիէ նաեւ ըսած է, որ ամիսներ առաջ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ Քազանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք բանակցութիւնները փակուղի մտած են: Ան միեւնոյն ատեն աւելցուցած է, որ օրեր առաջ ԵԱՀԿ-ի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին ծիրին մէջ որդեգրուած միացեալ յայտարարութենէն ետք Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներուն միջեւ հանդիպումները կրնան աշխուժանալ:

Ֆասիէ տարվերջին կ՛աւարտէ իբրեւ Մինսքի խմբակի ֆրանսացի համանախագահ առաքելութիւնը եւ զինք կը փոխարինէ մինչեւ վերջերս Ուքրանիոյ մէջ Ֆրանսայի դեսպան պաշտօնավարած Ժաք Ֆոր:

 

Share this Article
CATEGORIES