ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ԻՐԱՒԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԺԽՏՈՒՄԸ ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՆՈՂ ՕՐԻՆԱԳԻԾ ՈՐԴԵԳՐԵՑ
ՀՅԴ Հայ դատի Փարիզի գրասենեակի տնօրէն Հրաչ Վարժապետեան «Երկիր Մետիա»-ին հաղորդած է, որ Ֆրանսայի խորհրդարանի իրաւաբանական հարցերու յանձնախումբը Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծ որդեգրած է:
Ֆրանսայի խորհրդարանը նախապէս ալ այսպիսի բանաձեւ մը որդեգրած էր: Նոյն ատեն կը սպասուի, որ Ֆրանսայի ծերակոյտին մէջ քննարկումի դրուի Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը:
CATEGORIES Հայկական