ՆՈՐ ԷՋ` ՀԱՅ – ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆՑ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ. «ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԵՐԲԵՔ ՊԻՏԻ ՉՄՈՌՆԱՅ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ» ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ
Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող նախագահ Միշել Սլէյման երէկ առաւօտեան այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին, ծաղկեպսակ զետեղեց յուշակոթողին եւ ծառ տնկեց Յիշողութեան պուրակին մէջ:
Այնուհետեւ Հայաստանի նախագահի նստավայրին մէջ նախագահ Սլէյմանի դիմաւորման պաշտօնական այցելութենէն ետք տեղի ունեցաւ երկու երկիրներու ղեկավարներու դռնփակ հանդիպումը, որուն յաջորդեցին երկու երկիրներու պատուիրակութիւններու ընդլայնուած կազմով բանակցութիւնները:
Ողջունելով նախագահ Սլէյմանը` Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան նշեց, որ երկու ժողովուրդներու աւանդական բարեկամութիւնը կը պարտաւորեցնէ աւելի զարգացնելու երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հայ-լիբանանեան բարեկամական յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ Հայաստանի ու Լիբանանի համագործակցութեան խորացման ուղղուած գործունէութեան համար նախագահ Սերժ Սարգսեան նախագահ Սլէյմանը պարգեւատրեց Պատուոյ շքանշանով:
Վերջինս իր կարգին Հայաստանի նախագահը պարգեւատրեց Լիբանանի արժանիքներու բարձրագոյն աստիճանի շքանշանով:
Նախագահ Սլէյման շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար եւ նշեց, որ լիբանանեան կողմին ցանկութիւնն է երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները բարձրացնել որակապէս նոր մակարդակի:
Նախագահ Սլէյման կարեւոր նկատեց լիբանանահայ համայնքին դերը հայ-լիբանանեան յարաբերութիւններու ամրապնդման գործին մէջ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի քաղաքական, տնտեսական, մշակութային, կառավարման եւ այլ մարզերուն մէջ:
Բանակցութիւններէն ետք տեղի ունեցաւ շարք մը մարզերուն մէջ երկկողմանի համագործակցութեան ամրապնդման եւ խորացման ուղղուած փաստաթուղթերու ստորագրման արարողութիւնը:
Մասնաւորաբար ստորագրուեցան «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Լիբանանի կառավարութեան միջեւ 2012-2014 թուականներուն համար մշակութային համագործակցութեան մասին», «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Լիբանանի Հանրապետութեան կառավարութեան միջեւ շրջակայ միջավայրի մարզին մէջ համագործակցութեան մասին», ինչպէս նաեւ այլ փաստաթուղթեր:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ նախագահ Միշել Սլէյմանի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստանը եւ հայ ժողովուրդը ամէնէն ջերմ զգացումները կը տածեն Լիբանանի նկատմամբ: Ըստ անոր, երկու երկիրները իրարու կը կապեն պատմամշակութային առնչութիւններ եւ դարաւոր բարեկամութիւն, եւ պատմութեան ընթացքին յաճախ երկու երկիրները միասին դէմ դրած են նոյն բռնակալներուն, կիսած են իրարու ցաւերը եւ ուրախութիւնները: Նախագահ Սարգսեան շեշտեց, որ հայ ժողովուրդը երբեք չի մոռնար այն աջակցութիւնը, որուն Լիբանանի հիւրընկալ հողին վրայ արժանացան անոր հազարաւոր բռնագաղթած զաւակները:
Ան անհեթեթ որակեց իսլամական երկիրներու շրջագիծին մէջ Ղարաբաղի տագնապը կրօնական հակասութիւններու լոյսի ներքեւ ներկայացնելու Ազրպէյճանի յամառ փորձերը:
Նախագահ Սարգսեան նշեց, որ հայ ժողովուրդի պատմութեան, ինչպէս նաեւ տագնապի պատճառներուն քիչ թէ շատ ծանօթ ըլլալու պարագային անկարելի է հաւատալ այդպիսի անհեթեթութեան: Ըստ անոր, այդպիսի մօտեցում խիստ վտանգաւոր կը նկատուի, քանի որ կան նաեւ այդ մանրամասնութիւններուն անծանօթ շրջաններ եւ այսպիսի հակահայկական քարոզչութիւնը կրնայ անհետեւանք չանցնիլ:
Հայաստանի նախագահը աւելցուց, որ այս հարցին մէջ նոյնպէս կարեւոր է բարեկամ պետութիւններու անաչառ եւ անկողմնակալ կեցուածքը, քանի որ իւրաքանչիւր անհաւասարակշիռ քայլ կը նպաստէ Հարաւային Կովկասի փխրուն հաւասարակշռութեան եւ կայունութեան խախտման:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան նաեւ նշեց, որ Հայաստանի իշխանութիւնները մշտապէս սերտ ուշադրութիւն յատկացուցած են արաբական աշխարհին հետ համագործակցութեան ընդլայնման, իսկ Լիբանան այդ երկիրներուն մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ:
Ան ընդգծեց, որ լիբանանցի իր գործընկերոջ հետ հանդիպման ժամանակ փաստուած է, որ Հայաստան եւ Լիբանան իրենց կարելիութիւններու սահմանին մէջ մշտապէս աջակցած են իրարու միջազգային կառոյցներուն մէջ երկու բարեկամական երկիրներու համար կենսական նշանակութիւն ունեցող հարցերուն մէջ եւ կը շարունակեն համագործակցիլ նոյն փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտին մէջ:
Նախագահ Միշել Սլէյման իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Սարգսեանին Հայաստանի կողմէ Լիբանանի նկատմամբ ցուցաբերուած մնայուն աջակցութեան համար, «յատկապէս Լիբանանի այն ջանքերուն, որոնք կապուած են ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի բոլոր դրոյթներուն գործադրութեան հետ` մասնաւորաբար դիմագրաւելու համար իսրայէլեան ոտնձգութիւնները եւ խախտումները Լիբանանի գերիշխանութեան եւ տարածքներու ամբողջականութեան նկատմամբ»:
Երկու նախագահներու դռնփակ հանդիպումէն ետք, լիբանանցի բարձրաստիճան հիւրին ի պատիւ տրուեցաւ աշխատանքային ճաշ մը, որուն ընթացքին Հայաստանի վարչապետը ներկայացուց Հայաստանի տնտեսութեան վիճակը եւ զարգացման հեռանկարները:
Զրուցակիցները քննարկեցին տնտեսութեան շարք մը մարզերուն մէջ համագործակցութեան կարելիութիւնները: Այդ ծիրին մէջ կարեւոր նկատուեցան հայ եւ լիբանանցի գործարարներու մասնակցութեամբ կազմակերպուող համաժողովները, որոնք կրնան երկկողմանի ներդրումները խթանել:
Ընդգծուեցաւ համագործակցութեան արդիւնաւէտ մակարդակը դրամատնային մարզին մէջ, ուր գոյութիւն ունի ներդրումներու մեծ ներուժ մը, ինչպէս նաեւ համագործակցութիւնը տնտեսական մարզին մէջ եւ գիւղատնտեսութեան զարգացման առումով:
Նշուեցաւ, որ կան բոլոր կարելիութիւնները առեւտրական-տնտեսական յարաբերութիւններուն մակարդակը նոր որակի բարձրացնելու համար:
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ զբօսաշրջութեան մարզին մէջ համագործակցութեան ներկայ ներուժի օգտագործման, որուն կրնայ նպաստել օդանաւերու թռիչքներու պարբերականութեան աւելնալը:
Հայաստանի նախագահը իր խօսքին մէջ ողջունեց նախագահ Սլէյմանը եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Ան յայտնեց, որ խորհրդանշական է Լիբանանի նախագահին այցելութիւնը այս տարի, երբ Հայաստան կը տօնէ իր անկախ պետականութեան 20-ամեայ յոբելեանը: Ըստ անոր, այս անկախութիւնը առիթ հանդիսացաւ նաեւ հայերուն համար նոր որակի միջպետական յարաբերութիւններ հաստատելու իրենց բարեկամ երկիրներուն, որոնց շարքին` Լիբանանի հետ, հակառակ անոր որ երկու ժողովուրդներուն առնչութիւնները հազարամեակներու խորքէն կու գան:
Նախագահ Սարգսեան յայտնեց, որ սելճուքեան արշաւանքներէն, ապա նաեւ Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան անկումէն ետք լիբանանեան քաղաքներուն մէջ սկսան ձեւաւորուիլ հայ համայնքները: Ան աւելցուց, որ 260 տարի առաջ Լիբանանի մէջ իր նստավայրը հաստատեց Հայ կաթողիկէ պատրիարքութիւնը:
Ըստ նախագահին, Լիբանանի լեռներու անառիկութիւնը իրեն կը քաշէր Օսմանեան կայսրութեան ազատախոհները, որոնց մէջ քիչ չէին նաեւ հայերը: Անոնք իրենց անուրանալի դերը ունեցած են Լիբանանի` Օսմեանեան կայսրութենէն ազատագրման համար մղուող պայքարին մէջ: Ան աւելցուց, որ հայ ազգի պատմութեան ամէնէն օրհասական շրջանին Լիբանան շատերու համար փրկութեան փարոս դարձաւ, երբ Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած տասնեակ հազարաւոր հայեր ապաստան գտան հիւրընկալ Լիբանանի մէջ:
Նախագահ Սարգսեան անդրադարձաւ նաեւ Լիբանանի մէջ տիրող ազատ քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային մթնոլորտին, որ կարելիութիւն տուաւ հայ համայնքին լիարժէքօրէն համարկուելու Լիբանանի հասարակական կեանքին հետ եւ գործուն մասնակցութիւն ունենալու Լիբանանի զարգացման եւ բարգաւաճման աշխատանքին մէջ` միեւնոյն ժամանակ վառ պահելով ազգային ինքնութիւնը:
Նախագահ Սարգսեան շեշտեց նաեւ հայ-լիբանանեան կապերու եւ յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը: Ըստ անոր, երկու ժողովուրդները բարեկամներէ աւելի են, անոնք եղբայրներ են: Ան յայտնեց, որ Պէյրութը, Պուրճ Համուտը եւ Այնճարը իւրաքանչիւրին սրտին մէջ է:






