ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼ. ՎԱՂԸ` ՀՄԸՄ – ՈՒԱՖԱԱ ՆԱՊԻ ՇԻԹ
Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 11 դեկտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 2:15-ին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանի դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Ուաֆաա Նապի Շիթը:
ՀՄԸՄ, որ ցարդ արձանագրած է երկու յաղթանակ եւ երկու հաւասարութիւն, 8 կէտով կը գրաւէ Գ. խմբակին պարագլուխի դիրքը:
ՀՄԸՄ-ի տղաքը, որոնք 4-րդ հանգրուանին 10-1 արդիւնքով ջախջախեցին Իթթիհատ Հարեթ Նաամէն, իրենց վաղուան մրցակիցէն երեք կէտ խլելու պարագային երթի մրցումները պիտի աւարտեն պարագլուխի դիրքին վրայ:
CATEGORIES Մարզական