ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ԱՅՍՕՐ` ՀՄԸՄ ԺՈՒՆԻԷ – ՔԱՐԱՔ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Դ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումին, այսօր` շաբաթ, 10 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 19:30-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ ՀՄԸՄ Ժունիէ եւ Քարաք (Զահլէէն) կը ճակատին իրարու դէմ:

Թէեւ երկու խումբերն ալ ապահոված են Գ. դասակարգի իրենց տոմսը, սակայն այս մրցումը պիտի ըլլայ կարեւոր, այն իմաստով, որ անոր յաղթականը պիտի հանդիսանայ Դ. դասակարգի ախոյեան:

ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն համար տրամադրուած են փոխադրակառքեր, որոնք երեկոյեան ժամը 18:30-էն սկսեալ «Շաղզոյեան» կեդրոնէն, մրցումին ներկայ գտնուիլ փափաքողները պիտի փոխադրեն «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիր:

Share this Article
CATEGORIES