«ՖԱՔԹԷՕՐ 301»-ԻՆ ՈՍՊՆԵԱԿԷՆ` ՆՈՅԵՄԲԵՐ ԱՄՍՈՒԱՆ ՆԻՒԹԵՐԸ

«Ֆաքթէօր 301» կայքէջին վրայ նոյեմբեր ամսուան ընթացքին տեղադրուած են հետեւեալ նիւթերը:

Խմբագրականին նիւթը կը վերաբերի Պուրճ Համուտի մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւններուն եւ լիբանանեան, մանաւանդ թրքական տեղեկատուական աղբիւրներու ապատեղեկատուութեան ու խեղաթիւրման:

Խմբագրականը «Պէյրութի հայկական ամէնէն մեծ թիւով բնակչութիւն ունեցող Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի որոշումը թրքական լրատուամիջոցներուն կողմէ խեղաթիւրուեցաւ» խորագիրը կը կրէ եւ լուսարձակի տակ առած է այս գծով «Ազդակ»-ի խմբագրականը, ինչպէս նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի` լիբանանեան խորհրդարանին մէջ եւ այլ լրատուամիջոցներով ունեցած ելոյթները:

Կը յիշուին թրքական այն լրատուամիջոցներու անունները, որոնք խեղաթիւրած եւ ապատեղեկատուութիւն տարածած էին, ինչպէս նաեւ եղածը մանրամասնօրէն կը բացատրուի, վերլուծումներ եւ հաստատումներ կը կատարուին հարցին էութեան մասին:

ԼՈՒՐԵՐ

Լուրերը հետեւեալներն են.

1.- Թրքական իշխանութիւններու կողմէ Էրսանլըի եւ Զարաքօլուի ձերբակալութիւնը:

2.- Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանի հանդիպումը Լիբանանի արտաքին գործոց եւ ճարտարարուեստի նախարարներուն հետ: Կը ներկայացուի նաեւ անոր հանդիպումը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ:

3.- Թուրքիոյ սահմանադրական աշխատանքներուն համար փոքրամասնութիւններու լրատուական ներկայացուցիչներու հետ տեսակցութեան համար կը ներառուին հայկական «Ակօս» եւ «Ժամանակ» թերթերը:

4.- Գերմանացի իրաւաբաններ Էրտողանի եւ բարձրաստիճան զինուորականներու ձերբակալութիւնը կը պահանջեն:

5.- Վանի երկրաշարժի աղէտեալներուն օժանդակելու շրջածիրին մէջ պոլսահայ «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» երգչախումբը իր մասնակցութիւնը կը բերէ թրքական «Շօ» պատկերասփիւռի կայանի ծրագրին:

6.- Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նոր դեսպանի տեսակցութիւնը` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներուն հետ:

7.- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախկին նախարար Քոնտոլիզա Ռայսի յուշերը ներկայացնող նոր գիրքին մէջ կը կարդանք Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայոց ցեղասպանութեան դէմ ծաւալած անոր աշխատանքին մասին:

8.- Ռուսիոյ մէջ կը սպաննուի հայ իսլամ կրօնաւոր մը:

9.- Ազգային շարժում կուսակցութեան անդամ եւ երեսփոխան Եուսուֆ Հալաճօղլու Թուրքիոյ խորհրդարանի մէջ կ՛առաջարկէ հակահայկական լոպիստական աշխատանքներ ծաւալել` առաջքը առնելու եւ խոչընդոտելու Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ծրագիրները:

10.- ՀՄԸՄ-ի նորընտիր Կեդրոնական վարչութեան այցելութիւնը Անթիլիաս եւ տեսակցութիւնը Արամ Ա. վեհափառին հետ:

11.- Քաշաթաղի մէջ նոր քաղաք կառուցել` Ազրպէյճանէն եւ Նախիջեւանէն տարագրուած հայերը մէկտեղելու համար:

12.- Սուրիա-Թուրքիա յարաբերութիւններու վատթարացման ծիրին մէջ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարին կտրուկ պատգամները Թուրքիոյ:

13.- Աֆիոնգարահիսարի մէջ տէր Խաչատուր Տոնելեանի պատմական բնակարանը (18 դար) յայտնաբերումէ եւ վերանորոգումէ ետք խորտկարան դարձած է:

14.- Արամ Ա. կաթողիկոս կաթողիկոսարանին մէջ հայ գիրքի 33-րդ ցուցահանդէսի ընթացքին 2012 տարին կը հռչակէ «Հայ գիրքի տարի»:

15.- 30 ոստիկան եւ զինուորականներ կը ձերբակալուին Հրանդ Տինքի սպանութեան հարցով:

16.- Հայաստան 74 միլիոն դրամ կը յատկացնէ Թուրքիոյ` իբրեւ Վանի երկրաշարժի օժանդակութիւն:

17.- 14-15 նոյեմբերին Գահիրէի մէջ տեղի ունեցած հայագիտական խորհրդաժողովի մասին:

ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ

Ալին Օզինեանի գրիչին պատկանող «Պոլսոյ անյայտ հայ երեխաները» խորագիրը կրող յօդուածը:

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ

1.- Քանատական «Սան» պատկերասփիւռի կայանը լուսարձակի տակ կ՛առնէ Հայոց ցեղասպանութիւնը:

2.- Նորվեկիոյ արտաքին գործոց նախարարի այցելութիւնը Ծիծեռնակաբերդ:

3.- Թրքական հրատարակչատունէ մը Սայիտ Չեթինօղլուի «Բնաջնջողները եւ առաքինի մուսուլմանները» աշխատութեան հրատարակութիւնը: Այս գիրքին մէջ առկայ է նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան կազմակերպիչներուն ցանկը, որ ներկայացուցած է Զաւէն պատրիարք:

4.- Պէյրութի մէջ Սիւզան Խարտալեանի «Տատիկիս դաջուածքները» ժապաւէնին ցուցադրութիւնը:

5.- «Էփըլ» համակարգիչի ընկերութեան փոխնախագահին այցելութիւնը Ծիծեռնակաբերդ:

6.- Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Հայաստանի Ազգ. արխիւը կը պատրաստուի հրատարակել գիրք մը:

ՅԱՏՈՒԿ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑՆԵՐ

Այս ամսուան հարցազրոյցը համշէնահայ Ալիյէ Ալթի հետ է` «Համշէնցի աղջիկ մը Ֆրանքֆորթի մէջ» խորագիրով:

ՄՇԱԿՈՅԹ ԱՐՈՒԵՍՏ

1.- Հայերու ազգային նուագարանը. ՏՈՒՏՈՒԿ:

2.- «Արաս» հրատարակչատունը կը հրատարակէ Արշիլ Կորքիի նուիրուած Նուրիձա Մատթէոսեանի «Սեւ հրեշտակ» թրքերէն գիրքը:

3.- Անթիլիասի մէջ Ֆրիտեոֆ Նանսենի անգլերէն գիրքին շնորհահանդէսը եւ Նանսենի ծննդեան 150-ամեակի հանդիսութիւնը:

4.- Պոլսահայ երաժիշտ Գրիգոր Սինանեանի 1909-ին հեղինակած երգը` Թրքական մարզական «Ֆեներպահչէ» ակումբին համար, 102 տարի ետք կը վերամշակուի եւ լոյս կը տեսնէ ձայնասկաւառակով մը:

ԱԿԱՆԱՒՈՐՆԵՐ

Հայ ականաւորներու բաժինին մէջ զետեղուած են Գրիգոր Զոհրապի կենսագրականն ու գործունէութիւնը` անոր ծննդեան 150-ամեակին առիթով:

ՀԱՅԵՐՈՒ ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ

Նոյեմբեր ամիսը կը զուգադիպի ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան. առ այդ, «Հայերու յուշատետր»-ը կ՛անդրադառնայ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան եւ գործունէութեան մասին մանրամասն:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ

1.- Իրանի արտաքին գործոց նախարարին այցելութիւնը Հայաստան:

2.- Հայաստանի նախագահը կը պարգեւատրէ «Էփըլ» համակարգիչի ընկերութեան փոխնախագահին:

3.- Երեւանի մէջ Հայաստանի նախագահին, Նորվեկիոյ արտաքին գործոց նախարարին եւ Ֆրիտեոֆ Նանսենի թոռան ներկայութեամբ, Ֆրիտեոֆ Նանսենի յուշարձանին բացումը կը կատարուի:

ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

1.- Պիթլիսի հայերը ժամանակին:

2.- Նոյեմբեր 11-13 Տիգրանակերտի մէջ տեղի ունեցած «Տիգրանակերտի եւ շրջակայքի ընկերային եւ տնտեսական պատմութիւնը» խորագիրով գիտաժողովին մասին, որ կազմակերպուած է «Հրանդ Տինք» հիմնարկին եւ քաղաքապետարանին գործակցութեամբ:

3.- Թուրքիոյ փոխվարչապետին կողմէ առաջադրանքներ Տերսիմի կոտորածներուն վերաբերեալ իրականութեան յայտնաբերման մասին:

ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ

1.- Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահին այցելութիւնը Զուիցերիա եւ տեսակցութիւնը` զուիցերիահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:

2.- Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան  բանակի հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերու պաշտպանական դիրքերուն ուղղութեամբ հակառակորդ արձակազէնի մը կողմէ արձակուած կրակոցներէն կը նահատակուին երկու հայ զինուորներ:

3.- Արցախի նախագահին տեսակցութիւնը Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ափի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչին հետ:

4.- 1500 տարի առաջ, 500 թուականին, Վաչագանի կողմէ ընդունուած սահմանադրութիւն մը, որ ցուց կու տայ դարեր առաջ հայկական Արցախի քաղաքակրթութիւնը:

ՆԱԽԻՋԵՒԱՆ

1.- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Է. Նալբանդեան ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի 36-րդ համագումարին մէջ Նախիջեւանի խաչքարերուն հարցը լուսարձակի տակ կ՛առնէ:

2.- Նախիջեւանի քլանը Ալիւեը շանթաժի կ՛ենթարկէ:

ԵՐԷԿ ԵՒ ԱՅՍՕՐ

«Երէկ եւ այսօր» բաժինին մէջ կը տեսնենք Անիի մայր տաճարին մասին տեղեկութիւններ եւ անոր կողքին երկու  լուսանկարներ, որոնք ցոյց կու տան անցեալի եւ ներկայի պատկերը:

Share this Article
CATEGORIES