«ԱՄԷՆ ՋԱՆՔ Ի ԳՈՐԾ ՊԻՏԻ ԴՆԵՆՔ ԱՄՐԱՊՆԴԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ-ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՆ ՈՒ ԵՐԿԿՈՂՄԱՆԻ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ» ԸՆԴԳԾԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ

Հայաստան կատարելիք իր առաջին պաշտօնական այցելութեան նախօրեակին նախագահ Սլէյման հայաստանեան պետական պատկերասփիւռի «Հ1» կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ ինք մեծ արդիւնքներ կ՛ակնկալէ Հայաստան կատարելիք իր այցելութենէն: Ան նշեց, որ ինք Հայաստան պիտի այցելէ` ընդառաջելով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրին:

«Այս այցելութեան նպատակն է լիբանանցի եւ հայ ժողովուրդներուն միջեւ յարաբերութիւնները զարգացնել եւ ամրապնդել: Պէտք է նշել, որ երկու ժողովուրդներուն միջեւ յարաբերութիւնները հազարաւոր տարիներէ ի վեր գոյութիւն ունին. անոնք կ՛երթան մինչեւ նախքան Քրիստոս Ա. դար, երբ հայերը հասան Լիբանան եւ յարաբերութիւններ հաստատեցին փիւնիկեցիներուն հետ: ԺԸ. դարուն հայերը Լիբանանի մէջ հիմնեցին Զմմառի վանքը: Ամբողջ Միջին Արեւելքի մէջ Լիբանանը միակ երկիրն է, որ բարեկամութեան համաձայնագիր ունի Հայաստանի հետ, որուն հիման վրայ երկու երկիրներու խորհրդարաններուն մէջ կը գործեն Լիբանան-Հայաստան բարեկամութեան յանձնախումբեր: Լիբանան Հայաստանի հետ յարաբերութիւններ ունի նաեւ քաղաքական եւ գործարարական մակարդակի վրայ, իսկ Հայաստան այցելութեան ընթացքին տարբեր մարզերու մէջ անպայման պիտի ստորագրուին համաձայնագրեր, որոնք նոր թափ եւ որակ պիտի ընծայեն տնտեսական ու գործարար յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններուն եւ Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան մէջ փոխադարձ քաղաքական զօրակցութեան քայլին», ըսաւ նախագահ Սլէյման:

Ներկայիս Լիբանանի քաղաքական եւ հասարակական կեանքին մէջ լիբանանահայութեան դերակատարութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ Լիբանանի արդի պատմութեան մէջ լիբանանահայութեան դերակատարութիւնը մեծ է ու նկատառելի: «Հայերը իրենք Լիբանանը ընտրեցին իբրեւ հայրենիք, եւ ոչ թէ այդ մէկը պարտադրուեցաւ անոնց: Լիբանանահայութիւնը ակներեւ դերակատարութիւն ունի քանի մը  մակարդակներով: Հոս պէտք է նշել, որ լիբանանահայերը քաղաքական առումով գործած են նաեւ մինչեւ Լիբանանի անկախ պետութեան հռչակումը: Լիբանանահայութիւնը պայքարած է նաեւ այդ անկախութեան եւ երկրին պետութեան կերտման համար: Լիբանանի մէջ ստեղծուած առաջին կուսակցութիւնը, 1904-ին, եղած է հայկական: Լիբանանահայութիւնը իր ներկայութիւնը ունեցած է երկրին սահմանադրական հաստատութիւններուն մէջ, նախարարաց խորհուրդին մէջ, խորհրդարանին մէջ եւ տեղական ինքնակառավարման համակարգին մէջ: Նոյնիսկ 1934 թուականին երրորդ գումարման խորհրդարանին մէջ հայերը ունեցած են իրենց երեսփոխանները:

«Պատմական բոլոր ժամանակաշրջաններուն ընթացքին հայերը Լիբանանի միւս համայնքներուն հետ մնայուն յարաբերութեան մէջ եղած են եւ անոնք այդ համայնքներուն ցուցաբերած են բաց ու թափանցիկ գործակցութիւն: Հայերը Լիբանան բերին իրենց ընտանեկան, կրօնական, ազգային ու բարոյական արժէքները եւ փորձեցին այդ արժէքները տարածել իրենց բնակած լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ: Մամուլի ասպարէզին մէջ լիբանանահայութիւնը մեծ յաջողութիւններ արձանագրած է: Հայկական մամուլը կանխած է շրջանին մէջ արաբական թերթերուն հրատարակութիւնը: Յատկանշական է Զմմառի մէջ 1794-ին հրատարակուած առաջին կրօնական գրքոյկը: 1924-ին սկսաւ հրատարակուիլ հայկական տպագիր մամուլը: Իսկ այս օրերուս հայկական մամուլը ընդարձակուած է` հասնելով պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի կայաններու եւ ելեկտրոնային մամուլի:

«Հայերու կրթական ու մշակութային գործունէութիւնը նոյնպէս հարուստ է: Լիբանանի մէջ առաջին հայկական վարժարանը հիմնուած է 1902-ին, իսկ այսօր Լիբանանի մէջ կը գործեն հայկական 60 դպրոցներ: Հայերէնի կողքին, Լիբանանի մէջ կը դասաւանդուին նաեւ այլ լեզուներ, իսկ կարեւոր իրականութիւն մըն է նաեւ այն, որ Հայաստանէն դուրս գործող հայկական միակ համալսարանը կը գտնուի Լիբանանի մէջ` Հայկազեան համալսարանը, որուն ուսանողները միայն լիբանանահայեր չեն, այլ` լիբանանցիներ եւ այլ քաղաքացիութիւններ ունեցող ուսանողներ», ըսաւ ան:

Նախագահ Սլէյման նշեց նաեւ, որ Հայաստանի մէջ կը գտնուի լիբանանցի վաստակաւոր բանաստեղծ Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի արձանը, աւելցնելով, որ բանաստեղծին մէկ գրութիւնը` «Մարգարէն», թարգմանուած է հայերէնի:

Ինչ կը վերաբերի տնտեսական գործունէութեան, ապա պէտք է խոստովանիլ, որ թէ՛ գիւղատնտեսութեան, թէ՛ արդիւնաբերութեան եւ թէ՛ արհեստներու եւ արուեստներու, ինչպէս նաեւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան մարզերուն մէջ լիբանանահայութիւնը ունեցած է մեծ եւ աշխուժ ներդրում», յայտնեց նախագահ Սլէյման:

Պատասխանելով Լիբանանի դէմ ցցուած ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրներուն եւ երկրին դիմագրաւած հրատապ խնդիրներուն` նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ երկրին դիմագրաւած մեծագոյն մարտահրաւէրն է համաշխարհայնացման նոր միջավայրի պայմաններուն ընտելանալն է, որոնց ծիրին մէջ յատկապէս հետզհետէ տարածուող ահաբեկչութեան եւ անոր ծայրայեղականութեան դէմ պայքարը:

«Ներքին լիբանանեան առումով, երկխօսութեան միջոցով խաղաղ համագոյակցութեան ու անվտանգութեան ապահովումն է, ինչպէս նաեւ քաղաքական, տնտեսական, վարչական ու դատական համակարգային բարեփոխումները: Շրջանային մարտահրաւէրներու առումով, Լիբանանի համար հիմնականը Միջին Արեւելքի խաղաղութեան հաստատումն է, ինչպէս նաեւ` պաղեստինցի ժողովուրդին իրաւունքի տիրացման հարցը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Լիբանան հեզասահ կերպով պիտի կարենայ համագործակցիլ շրջանին մէջ ժողովրդավարութիւն հաստատող երկիրներուն հետ:

Հայաստանի ու Լիբանանի միջեւ գոյութիւն ունեցող քաղաքական բարձր մակարդակի գործակցութեան, գործարարներու միջեւ ստեղծուած աշխատանքներուն եւ Հայաստանի մէջ լիբանանեան գումարներով գործող 50 կառոյցի, սակայն պետական մակարդակի վրայ այդ աշխուժացման չգոյութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` նախագահ Սլէյման ըսաւ. «Ճի՛շդ է, Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ յարաբերութիւնները լիբանանցի եւ հայ ժողովուրդներուն յարաբերութիւններուն միջեւ յարաբերութեան մակարդակին համազօր չեն: Ես համոզուած եմ, որ լիբանանահայութիւնը կրնայ հզօր կամուրջ դառնալ երկու երկիրներուն միջպետական յարաբերութիւններուն զարգացման մէջ, ինչպէս նաեւ` փոխադարձ ներդրումներու, զբօսաշրջութեան յարաբերութիւններու, արդիւնաբերութեան, երկրագործութեան, արհեստագիտութեան եւ մշակոյթի մարզերուն մէջ համագործակցութեան առումով:

«Հայեւլիբանանեան միջկառավարական յանձնաժողովը պէտք է հետեւողական կերպով հետապնդէ այս աշխատանքը` տարեկան նուազագոյնը երկու հանդիպում կազմակերպելով, մէկը Լիբանանի, իսկ միւսը` Հայաստանի մէջ: Յանձնաժողովը իր վերջին նիստը գումարեց 2004-ին եւ ապա ոչ մէկ հանդիպում կայացաւ: Անհրաժեշտ է աշխուժացնել քաղաքականութեան, մշակոյթի, արուեստի եւ առեւտուրի ներկայացուցիչներուն փոխադարձ այցելութիւնները, որոնք կը նպաստեն փորձի  փոխանակումին:

«Օրինակի համար, Լիբանանը կրնայ իր փորձը Հայաստանին փոխանցել դրամատնային, զբօսաշրջութեան, պանդոկներու յատուկ սպասարկութեանց եւ այլ մարզերու պարագային, իր կարգին` Հայաստան կրնայ օժանդակել մշակոյթի, արուեստի եւ ճարտարարուեստի մարզերուն մէջ իր ունեցած փորձառութեամբ: Կարելի է փոխադարձաբար օգտուիլ իրարու փորձառութենէն», նշեց ան:

Անդրադառնալով հայութեան հետ կապուած որեւէ միջադէպի, նախագահ Սլէյման նշեց, որ ինք եղած է լիբանանեան բանակի սպաներէն, ապա` բանակի հրամանատարը եւ, իբրեւ այդպիսին,  «ունեցած եմ հայ ընկերներ, որոնք նաեւ զէնքի ընկերներ են, իմ զինակիցներս եղած են: Ես միշտ զգացած եմ հայ սպաներուն եւ զինուորներուն ազգասիրութիւնը, ընթերցանութեան նկատմամբ անոնց սէրը եւ հայրենիքի համար նահատակուելու պատրաստակամութիւնը: Կը խոստովանիմ, որ հայոց բարոյական եւ արժէքային այս համակարգը միշտ ալ գրաւած է իմ ուշադրութիւնս», հաստատեց հանրապետութեան նախագահը:

Շրջանային բարդ պայմաններու եւ փակ սահմաններու իրավիճակին մէջ զարգանալ եւ յառաջդիմել փորձող Հայաստանին ուղղուած իր մաղթանքին մէջ նախագահ Սլէյման ընդգծեց, որ տասնամեակ մը ետք այդ բարդ պայմանները ընդհանրական պիտի ըլլան բոլորին համար, սակայն իւրաքանչիւր ժողովուրդի ապագան իրմէ կախեալ է: «Իսկ հայ ժողովուրդը ձգտող է, մարտահրաւէր սիրող, ստեղծագործ ժողովուրդ, որ իր այբուբենը ստեղծած է 405 թուականին: Հայութիւնը մեծ սփիւռք ունի, որուն թիւը կը գերազանցէ Հայաստանի բնակչութեան թիւը, ինչ որ կ՛ընդարձակէ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ հայ ժողովուրդին հնարաւորութիւնները: Այս առումով յատկանշական է ՄԱԿ-ի ամպիոնէն Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին արտասանած խօսքը, թէ` Հայաստան պէտք է հիմնական մասնակցութիւն ունենայ քաղաքակրթութիւններու միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ: Պէտք է ամուր կամուրջ եւ ոչ թէ բաժանարար վիհ դառնան այդ յարաբերութիւնները: Կը կարծեմ, որ այս իսկական դերակատարութիւնն է, որ Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը կրնան ստանձնել: Այս իմաստով հայ ժողովուրդը յար եւ նման է լիբանանցիներուն` իր ձգտումներուն եւ հնարաւորութիւններու շրջագիծին մէջ: Այսօր 7 դեկտեմբեր է, 1988-ին Հայաստանը հարուածած աղէտալի երկրաշարժին հերթական տարելիցին զուգադիպող թուականը, իսկ ամբողջ տարին հայութիւնը տօնեց Հայաստանի անկախութեան 20-ամեակը: Կը մաղթեմ, որ հայութիւնը կարենայ իր դրացի երկիրներուն հետ իր հարցերուն լուծում գտնել, իսկ Հայաստանին կը մաղթեմ զարգացում, բարօրութիւն եւ յառաջդիմութիւն, ինչպէս նաեւ Նոր տարուան առիթով կը շնորհաւորեմ հայութիւնը», եզրափակեց նախագահ Սլէյման:

Պատրաստեց՝ ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES