ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԽՕՍՔԸ. ԽՈՍՏՈՎԱՆԱՆՔԸ` ՆԱԵՒ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆԻ ԵՒ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆԻ, ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԻ ՈՒ ՄԱՐԴԿԱՅՆԱԿԱՆԻ ԳՈՐԾՕՆ ԱԶԴԱԿԸ…

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

Սիրելի՛ ընթերցող, հայ քրիստոնեայ ենք եւ գիտենք, թէ խոստովանանքը, իբրեւ «Ապաշխարութեան խորհուրդ», մեր Եկեղեցիին եօթը Ս. խորհուրդներէն մին է: Կը խնդրեմ քեզմէ, որ հետեւիս պարզ ու յստակ խոհերուս:

Ս. Գիրքին բացայայտ ուսուցումը եւ Եկեղեցիին հաստատ վարդապետութիւնն է, թէ  ապաշխարութեան խորհուրդով կ՛արձակուին մեր մեղքերն ու յանցանքները:

Ուսուցումի ու վարդապետութեան բազմաթիւ հաւաստումներէն կը վկայակոչեմ հայ հեղինակ մը լոկ: ԺԲ.-ԺԳ. դարաշրջանէն Վարդան Վարդապետ Այգեկցի նշանաւոր մատենագիրն է այն, որուն ճիշդ համոզումով` «Արարիչը … մարդասիրութենէն յաղթուած», հնարեց խոստովանանքը եւ «պատուիրեց քահանայի մը խոստովանիլ յանցանքները»,  «որովհետեւ խոստովանութիւնը արքայութեան դուռն է»:

Խոստովանանքը մարդուն կը վերադարձնէ խզուած բարեկամութիւնն Աստուծոյ հետ, բայց նաեւ հոգիին կու տայ աննկարագրելի անդորրութիւն մը:

Խոստովանանքը հաւատքի, սիրոյ ու խոնարհութեան խորհուրդն է: Զայն պէտք եղածին պէս եւ ստէպ կատարողը կը թեթեւնայ, կը հարստանայ, կը պայծառանայ: Բայց նաեւ քաջութեան, անկեղծութեան եւ ինքնաճանաչումի խորհուրդն է խոստովանանքը:

Խոստովանանքն ունի նաեւ ընկերային հետեւանք: Լաւ ու յաճախ խոստովանողը կը հաշտուի իր անձին հետ, իր շրջապատին հետ եւ օգտակար կ՛ըլլայ իր հասարակութեան:

Այսօր կը փափաքիմ շեշտել այս հաստատումս, այսինքն` թէ խոստովանանքը գործօն ազդակն է նաեւ մարդկային եւ ընկերային, հաւաքական ու մարդկայնական մեր կեանքին մէջ եւ մեր առօրեային համար…

Շեշտումիս փափաքն եկաւ անցեալ շաբաթ դիպած խօսակցութենէս համայնքաւորի մը հետ, որուն պատմածներէն յանգեցայ այս ուղիղ եզրակացութեան. «Խոստովանանքէն երկար ժամանակ հեռու մնացող քրիստոնեան ոչ միայն կը կորսնցնէ գիտակցութիւնն աստուածայինին հանդէպ, այլ նաեւ զգայնութիւնը մարդկայինին նկատմամբ` միաժամանակ կորսնցնելով ինքնաճանաչումի, համեստութեան եւ եղբայրսիրութեան տարրական ուրոյնութիւնները»:

Այսպիսի անհատ մը ա՛յնքան ինքնահաւան եւ անձնահաճոյ է, որ կը մոռնայ իրապէս, թէ ինքն ալ ունի ի՛ր պակասութիւնները, թերի կողմերն ու յանցանքները, որոնց պատճառով անհամութիւններ եւ անհամաձայնութիւններ կը պատահին ընտանիքին մէջ, միութեան մէջ, ընկերութեան մէջ:

Այսպիսի անհատ մը ա՛յնքան եսակեդրոն և անձնասէր է, որ թէ՛ լիովին համոզուած է ու թէ՛ կը ջանայ համոզել խօսակիցը, որ միայն ուրի՛շը պակասաւոր է, յանցաւոր է ու մեղաւոր է…

Այսպիսի անհատ մը ա՛յնքան եսախօս եւ ինքնագով է, որ այլեւս չ՛ուզեր գիտակցիլ եւ չի կրնար անդրադառնալ, թէ իր միջավայրին մէջ դիպած անհամութիւններու եւ անհամաձայնութիւններու պարագային, կրնայ ունենալ առաւել կամ նուազ ի՛ր յանցագործութիւնը, ի՛ր մեղսակցութիւնը…

Այսպիսի քրիստոնեայի մը բառամթերքին մէջ չկան «յանցանք», «թերութիւն» ու «մեղք» առումները, եւ այն` միայն իր անձին պարագային…

Այսպիսի քրիստոնեայի մը բառագանձին մէջ կան «մեղադրանք», «մեղանչական» ու «մեղսակից» իմացութիւնները, եւ այն` միայն ուրիշի՛ն հասցէին…

Խոստովանանքէն երկար ժամանակ հեռու մնացող քրիստոնեայի մը խիղճը բթացած է «դուն»-ին հանդէպ, իսկ «ես»-ին մէջ սնգուրած է շպարներով…

Միջնադարեան հայ մեծագոյն առակագիրներէն մին` վերոնշեալ Վարդան վրդ. Այգեկցի ունի այս խօսքը. «Ինչպէս որ ձուկը առանց ջուրի մեռած է, այսպէս ալ հոգին առանց խոստովանահօր մեռած է»:

Երեսունութ տարիներու իմ քահանայագործ փորձառութիւնս եւ հովուական առօրեաս կը փաստեն, թէ ապաշխարութեան խորհուրդին յաճախ մերձեցողը շատ աւելի մարդ է, շատ աւելի ընկերային է, շատ աւելի համայնական է ու շատ աւելի մարդկայնական է, քանի շատ աւելի աստուածամերձ է, շատ աւելի անձնաճանաչ է ու շատ աւելի խոնարհամիտ է, ինչպէս ալ շատ «աւելի գերադաս կը համարի ուրիշները, քան իր անձը: Եղբօր նկատմամբ մեծագոյն սէրն ունի եւ խոնարհութիւնը կ՛ընդունի որպէս Աստուած, իսկ հպարտութենէն կը հրաժարի ինչպէս սատանայէն» (Վարդան վրդ. Այգեկցի):

Այնճար, 28 նոյեմբեր  2011

Share this Article
CATEGORIES