ՔՈՔՈՅԹԻ ՀՐԱԺԱՐԵՑԱՒ, ԻՍԿ ՃԻՈՅԵՒԱ ԴԱՐՁԵԱԼ ԻՐ ԹԵԿՆԱԾՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ԱՌԱՋԱԴՐԷ

Քոքոյթի եւ Ճիոյեւա

Հարաւային Օսեթիոյ նախագահ Էտուարտ Քոքոյթի պաշտօնապէս յայտարարեց, որ կը հրաժարի: «Ես կը հեռանամ, որպէսզի պայքարիմ հասարակութեան հետագայ համախմբման եւ Հարաւային Օսեթիոյ պետականութեան ամրապնդման համար», ըսած է Քոքոյթի:

Ըստ անոր, հանրապետութեան իշխանութիւնները կրցած են յաղթահարել «Նարնջագոյն յեղափոխութիւնը» եւ թոյլ չեն տուած, որ իշխանութեան գան քաղաքական յաւակնութիւններով քողարկուող յանցագործ տարրեր:

Հարաւային Օսեթիոյ նախագահական նախկին թեկնածու Ալլա Ճիոյեւա որոշած է 25 մարտ 2012-ին նախատեսուած նախագահական ընտրութեան կրկնութեան իր թեկնածութիւնը առաջադրել:

Անցեալ շաբաթավերջին Հարաւային Օսեթիոյ ընդդիմութեան եւ իշխանութիւններուն միջեւ գոյացած էր համաձայնութիւն, ըստ որուն, Ճիոյեւա իրաւունք ունի ընտրութեան կրկնութեան իր թեկնածութիւնը առաջադրել:

Հարաւային Օսեթիոյ նախագահը այդ համաձայնութեան հիմամբ շաբաթ օր իր հրաժարականը ներկայացուց եւ հանրապետութեան նախագահի ժամանակաւոր պաշտօնատար դարձաւ վարչապետ Վատիմ Պրովցեւ:

27 նոյեմբերին Հարաւային Օսեթիոյ մէջ տեղի ունեցաւ նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլը, որուն կը մասնակցէին իշխանութեան ներկայացուցիչ, արտակարգ իրավիճակներու նախարար Անաթոլի Պիպլիով եւ ընդդիմութեան ներկայացուցիչ, կրթութեան նախկին նախարար Ալլա Ճիոյեւա: Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի նախնական տուեալներուն համաձայն, Ճիոյեւա կը յաղթէր մեծ տարբերութեամբ: Ան քուէներուն 56 առ հարիւրը ապահոված էր, իսկ անոր մրցակիցը` 40 առ հարիւրը: Պիպլիով, որ Ռուսիոյ իշխանութեանց աջակցութիւնը վայելող կը նկատուի, չընդունեց իր պարտութիւնը: Անոր թեկնածութիւնը առաջադրած Միասնութիւն կուսակցութիւնը Գերագոյն դատարան դիմեց` Ճիոյեւայի կողմնակիցները մեղադրելով ընտրական օրէնքի զանգուածային խախտումներու համար:

Դատարանը ընտրութիւնները անվաւեր ճանչցաւ եւ այժմ, օրէնսդրութեան համաձայն 25 մարտ 2012-ին ընտրութիւնները պիտի կրկնուին: Գերագոյն դատարանը նաեւ յայտարարած էր, որ Ճիոյեւա պիտի չկարենայ մասնակցիլ այդ ընտրութեան: Վերջինս օրեր առաջ ինքզինք Հարաւային Օսեթիոյ նախագահ հռչակած էր, իսկ իր կողմնակիցները կը պատրաստուէին շաբաթ օր անոր երդման արարողութիւնը կատարելու:

Իշխանութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ գոյացած համաձայնութենէն ետք, Ճիոյեւա իր կողմնակիցներուն կոչ ուղղեց դադրեցնելու ցոյցերը:

 

Share this Article
CATEGORIES