ԻՍԼԱՄ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐԸ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՆ ՅԱՐԳԵԼ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ԿՆՔԱԾ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ. «ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՄԷՋ ՔԱՂԱՔԱՑԻԻՆ ԱՆՁՆԱԿԱՆ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԱՇԽԱՒՈՐՈՒԱԾ Է»

Իսլամ եղբայրներու գերագոյն հոգեւոր պետ Ռաշատ Պայումի «Պաուապաթ Ուաֆըտ»-ին յայտնեց, որ Եգիպտոսի մէջ քաղաքացիին անձնական ազատութիւնը երաշխաւորուած է, եւ Իսլամ եղբայրները չեն կրնար միջամտել ոեւէ կնկայ հագուածքին եւ պիտի բաւարարուին կրօնական արժէքներու քարոզչութիւն կատարելով: Ան նաեւ նշեց, որ Իսլամ եղբայրները պիտի չփորձեն ոեւէ ղպտիի կամ զբօսաշրջիկի արգիլել տուներու, պանդոկներու եւ գինետուներու մէջ ոգելից ըմպելի խմել, սակայն նշեց, որ եգիպտական օրէնքը կ՛արգիլէ փողոցին մէջ ոգելից ըմպելի խմելը:

Պայումի յայտնեց, որ Իսլամ եղբայրները զօրավիգ կը կանգնին արուեստին եւ ստեղծագործութեան, եւ արուեստի բոլոր գործերը իրենց կազմակերպութեան զօրակցութիւնը պիտի ստանայ` նշելով, որ իրենք վատութիւններուն դէմ են, «որովհետեւ այդ է արժէքաւոր կրօնին ուսուցումը»:

Իսլամ եղբայրներու քաղաքական թեւին` Ազատութիւն եւ արդարութիւն կուսակցութեան առաջին փոխնախագահ Իսամ Ալարիան «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ զրոյցի մը ընթացքին, անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի նախագահ Ճոն Քերիի հետ հանդիպումին, ըսաւ, թէ այդ հանդիպման ընթացքին խօսուած է Եգիպտոսի կնքած միջազգային համաձայնութեանց մասին եւ կուսակցութեան ղեկավարները վստահեցուցած են, որ անկախ այն հարցէն, թէ ո՛վ երկրին կ՛իշխէ, Եգիպտոս կը յարգէ այդ համաձայնութիւնները:

 

 

Share this Article
CATEGORIES