ԻՐԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ ԲՈՂՈՔ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ԱՖՂԱՆԻՍՏԱՆԻ. ԻՐԱՆՑԻ ՀՐԱՄԱՆԱՏԱՐ ՄԸ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ, ՈՐ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ԻՐԱՆԵԱՆ ՕԴԱՅԻՆ ՏԱՐԱԾՔԻՆ ԲՌՆԱԲԱՐՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ՆԵՐՈՒՄ ՀԱՅՑԷ

Ամերիկեան անօդաչու սարք մը

Իրանեան զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետի օգնական գնդ. Մասուտ Ժազայիրի պահանջեց, որ ամերիկեան վարչակազմը ամերիկեան վար առնուած լրտեսական օդանաւին կողմէ իրանեան օդային տարածքի բռնաբարման համար կարելի եղածին չափ շուտ Թեհրանէն ներում հայցէ:

Ան նշեց, որ Իրանի որդեգրելիք պաշտպանական միջոցառումները պիտի տարածուին նաեւ Իրանի սահմանէն դուրս:

Միւս կողմէ, Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը շաբաթ օր իր մօտ կանչեց Թեհրանի մէջ Աֆղանիստանի դեսպան Ուպէյտալլա Ուպէյտը եւ անոր բողոք ներկայացուց աֆղանական սահմաններէն Իրան մուտք գործած ամերիկեան անօդաչու թռչող սարքին համար:

Նախարարութիւնը աֆղանական կառավարութենէն դէպքին շուրջ անմիջական բացատրութիւն մը պահանջեց, ինչպէս նաեւ պահանջեց, որ նշեալ կառավարութիւնը ամբողջական կերպով ջանք թափէ, որ այսպիսի դէպք մը յառաջիկային չկրկնուի:

Աֆղանիստանի դեսպանը իր կարգին ցաւ յայտնեց դէպքին համար եւ յայտարարեց, որ այս հարցը կարելի եղածին չափ շուտ իր երկրի պաշտօնատարներուն մօտ պիտի հետապնդէ:

 

Share this Article
CATEGORIES