ԸՍՏ ՌՈՒՍ ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱՏԱՐԻ ՄԸ ՌՈՒՍԻԱ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՍՈՒՐԻՈՅ ՈՒԺԵՂ ԹԻԿՈՒՆՔ ՄԸ ԸԼԼԱԼ ԵՒ ԱՆՈՐ ՆԵՐՔԻՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒՆ ՄԻՋԱՄՏՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՊԻՏԻ ՉԱՐՏՕՆԷ

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի բաժանմունքի տնօրէն Սերկէյ Վերշինին վստահեցուց, որ իր երկիրը զինեալներու կողմէ Սուրիոյ մէջ գործուած բռնարարքներն ու ահաբեկչութիւնը կը մերժէ: Ան Ռուսիոյ մէջ բնակող սուրիացիներու պատուիրակութեան մը հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ռուսիա պիտի շարունակէ, առաջուան պէս Սուրիոյ ուժեղ թիկունք մը մնալ եւ անոր ներքին հարցերուն որեւէ միջամտութիւն պիտի չարտօնէ:

Լաւատեղեակ աղբիւրներ սուրիական «Տամաս Փոսթ» կայքէջին յայտնեցին, որ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի կրօնական հրամանագիր մը հրապարակելով թելադրած է գնել սուրիական բոլոր արտադրութիւնները, ինչ տեսակի եւ քանակի ալ ըլլան անոնք, եւ անոնց փոխարէն տոլար վճարել:

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի եգիպտական «Ահրամ» օրաթերթին յայտնեց, որ այս շաբաթ արաբ արտաքին գործոց նախարարներու Տոհայի մէջ նախատեսուած ժողովին ընթացքին պիտի քննարկուի Սուրիոյ մէջ արաբ դէտեր տեղակայելու արձանագրութեան ստորագրութեան շուրջ Սուրիոյ պատասխանը:

Արապիի խորհրդական Խալետ պըն Նայեֆ Հապաս իր կարգին «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ գոյութիւն ունին փորձեր` Ասատը իշխանութենէն հեռանալու համոզելու եւ իրեն ու իր ընտանիքին ապահով աքսոր գտնելու: Ան նշեց, որ «գոյութիւն ունին արաբական եւ միջազգային երկիրներ, որոնք Ասատի իշխանութենէն հեռացումը կ՛ուզեն»` նշելով, որ «այդ երկիրները կ՛ուզեն Սուրիոյ տագնապին Եմենի տագնապի օրինակով լուծում մը գտնել»: Ան յայտնեց, որ Արաբական լիկան այդ փորձերուն չի մասնակցիր, սակայն անոնցմէ տեղեակ պահուած է եւ գոյութիւն ունին արաբական երկիրներ որոնք Ասատին առաջարկած են զինք եւ իր ընտանիքը հիւրընկալել:

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի շատ մօտիկ աղբիւրներ քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթին յայտնած են, որ Ասատ Ս. Ծնունդի տօնէն առաջ պիտի յղէ «կարեւոր» ուղերձ մը: Նոյն աղբիւրները նշեցին, որ Ասատ մտավախութիւն ունի, որ կացութիւնը դէպի յարանուանական պատերազմ ուղղուի, եւ նշած է, որ այդ պատերազմին բոցերը ոչ միայն Սուրիան պիտի այրեն, այլ նաեւ Լիբանանը, Քուէյթը, Իրաքը, Սէուտական Արաբիան, Պահրէյնը եւ ամբողջ շրջանը, իսկ այդ ատեն «հրդեհը մարելը դժուար պիտի ըլլայ»:

Նշեալ աղբիւրները նաեւ նշեցին, որ Սուրիոյ նախագահը իր երկրին ապահովութեան եւ կայունութեան դէմ ոտնձգութեան հետ խիստ կերպով պիտի վարուի, հակառակ անոր որ թուրք քաղաքագէտներուն մէջ Էրտողանի եւ Տաւութօղլուի վարած քաղաքականութեան հետ համամիտ չեղողներ կան` նշելով, որ «դիմադրութեան առանցքի երկիրներուն միացեալ կեցուածքին պատճառով` Թուրքիա սուրիական տնտեսական դաշտը կորսնցուց եւ մօտ օրէն իրեն համար այլ շատ կարեւոր դաշտեր եւս պիտի կորսնցնէ»:

Ասատին շատ մօտիկ եղող աղբիւրները նաեւ չբացառեցին, որ սուրիական վարչակազմին տապալումէն շահ ապահովողները փորձեն Սուրիոյ նախագահը ահաբեկել` նշելով, որ «այդպիսի գործողութեան մը յաջողութիւնը կամ ձախողութիւնը Սուրիոյ ուղղուածութենէն ոչինչ պիտի փոխէ եւ ընդդիմութիւնը իշխանութեան պիտի չհասնի»:

Աղբիւրները նշեցին, որ Ասատ առայժմ իր «Կոլանի, Լիբանանի, քիւրտերուն, Իրաքի, թուրք ալեւիներուն եւ ծոցը եզերող ու դիմադրութեան առանցքի անդամ բոլոր երկիրներուն նման յաղթաթուղթերը չօգտագործեց»:

 

Share this Article
CATEGORIES