ԽՈՐՀՐԴԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՏԱՊԱԼՈՒՄԷՆ ԵՏՔ ԻՐԵՆՑ ՏԵՍԱԿԻՆ ՄԷՋ ՄԵԾԱԳՈՅՆԸ ՌՈՒՍԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՐԴԻՒՆՔԻՆ ԴԷՄ ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑԵՐ

Հազարաւոր ցուցարարներ` Մոսկուայի մէջ

Հազարաւոր ցուցարարներ Ռուսիոյ մայրաքաղաք Մոսկուայի մէջ մասնակցեցան Խորհրդային Միութեան տապալումէն ետք մեծագոյն հակակառավարական ցոյցին:

50 հազար ցուցարարներ հաւաքուեցան Քրեմլինի մօտ գտնուող կղզիի մը վրայ` դատապարտելու համար վերջերս տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութեանց ընթացքին արձանագրուած համատարած զեղծարարութիւնները, ինչպէս նաեւ անոնց կրկնութիւնը պահանջելու համար: Նոյնպիսի, սակայն աւելի փոքր տարողութեամբ բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցան Ս. Փեթերսպուրկի եւ Ռուսիոյ այլ քաղաքներուն մէջ, ինչպէս` Վլատիվոսթոք, Նովոսիպիրսք, Եքաթերինպուրկ, Ղազախստանի սահմանակից Քուրկան քաղաքը: Ցոյցերուն կը մասնակցին համայնավարներ, ազգայնականներ եւ արեւմտամէտ ազատականներ:

«Պի.Պի.Սի.»-ի լրագրող Սթիւ Ռոզընկպըրկ կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ վարչապետ Վլատիմիր Փութին նախապէս այսպիսի ժողովրդային մեծ ցոյցեր չէ դիմագրաւած: Իբրեւ նախագահ եւ վարչապետ իր տասնամեայ իշխանութեան օրերուն ան վարժուած է Ռուսիոյ մեծագոյն ժողովրդականութիւնը ունեցող եւ ամէնէն ազդեցիկ քաղաքագէտը ըլլալուն, սակայն ինչպէս ցուցարարները լրագրողին նշած են` Ռուսիա կը փոխուի:

Ռուսական ոստիկանութիւնը Մոսկուայի Պոլոթնայա հրապարակին վրայ «Ազատ ընտրութիւններ» ցոյցին մասնակցողներուն թիւը գնահատած է 25 հազարով, իսկ ցոյցի կազմակերպիչները` 100 հազարով, սակայն «Պի.Պի.Սի.»-ի լրագրողը կը նշէ, որ իսկական թիւը շուրջ 50 հազար է: 1990-ական թուականներէն ի վեր այսքան մեծ թիւով հաւաք մը տեղի չէ ունեցած: Ըստ ոստիկանութեան, Ս. Փեթերսպուրկի մէջ մասնակիցներուն թիւը 10 հազար էր:

Ցուցարարներէն շատեր Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբի նախագահի հրաժարականը կը պահանջեն, իսկ ոմանք մինչեւ իսկ` Փութինի հրաժարականը: Անոնք նաեւ կը պահանջեն անցեալ կիրակի օրուան ընտրութիւններու արդիւնքներուն չեղեալ նկատումը, ընտրութիւններու կրկնութիւնը եւ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած նմանօրինակ ցոյցերու ընթացքին բոլոր ձերբակալեալներուն ազատ արձակումը:

Իշխող Միացեալ Ռուսիա կուսակցութենէն երեսփոխան Քոնսթանթին Քոսաչիով, որ լիազօրուած է յանուն Քրեմլինի խօսելու, բացառեց ցոյցերու կազմակերպիչներուն պահանջներուն շուրջ բանակցութիւններ վարելը: «Յարգելով բոլոր անոնք, որոնք ցոյց կատարեցին, անոնք քաղաքական կուսակցութիւն մը չեն», ըսաւ ան «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան:

Իշխանութիւնները բողոքի ցոյցը արտօնեցին, պայմանաւ որ անիկա տեղի ունենայ Մոսկուա գետին վրայ գտնուող Պոլոթնայա կղզիի հրապարակին վրայ, որուն մուտքի կէտերը վերահսկելը դիւրին է, եւ ոչ թէ կեդրոնական Յեղափոխութիւն հրապարակին վրայ:

Ցոյցին մասնակիցներուն շարքին էին ընդդիմադիր գործիչներ Եւկենիա Չիրիքովա, նախկին վարչապետ Միխայիլ Քասիանով եւ Պորիս Ելցինի իշխանութեան օրերուն փոխվարչապետ Պորիս Նեմցով:

Share this Article
CATEGORIES