«ԻՐԱՆԻ ՎՐԱՅ ՅԱՐՁԱԿԻԼԸ ՀԱՄԱԶՕՐ Է ԿՐԱԿԻ ՀԵՏ ԽԱՂԱԼՈՒՆ» Կ՛ԸՍԷ ԿԻՒԼ
Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ ֆրանսական «Ֆրանս 24» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին` անդրադառնալով Իրանի դէմ Իսրայէլի կողմէ յարձակումի մը կարելիութեան, ըսած է, որ Իրանի դէմ յարձակումը պարզապէս «խելագարութիւն» պիտի ըլլայ:
«Իրանի դէմ Իսրայէլի յարձակումը խելագարութիւն պիտի ըլլայ: Իրանի հետ կատակ պէտք չէ ընել: Ես ատիկա կ՛ըսեմ իբրեւ հիւլէական զէնքի դէմ արտայայտուող պետութեան ղեկավար: Բնականաբար, չեմ կրնար ըսել, որ Իրան հիւլէական զէնքի պատրաստութեամբ կը զբաղի՞, թէ՞ ոչ: Յստակ տեղեկութիւնը Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւնը պիտի հրապարակէ: Սակայն Իրանի դէմ յարձակիլը համազօր է ինքնաշարժը վառելանիւթով լեցնելու ժամանակ կրակի հետ խաղալուն: Ատիկա շատ վտանգաւոր է», ըսած է Կիւլ:
CATEGORIES Միջազգային

