«ԵՐՈՒԱՆԴ ՕՏԵԱՆ» ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ «ՄԱՆՉՈՒԿԸ ԵՒ ՔԱՐԼՍՈՆԸ, ՈՐ Կ՛ԱՊՐԻ ՏԱՆԻՔԻՆ ՎՐԱՅ» ԹԱՏԵՐԱԽԱՂԸ
1 դեկտեմբերէն սկսեալ, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ Թէքէեան մշակութային միութեան «Երուանդ Օտեան» թատերախումբը` բեմադրութեամբ Լանա Քոչարեան-Ատրունիի, ելոյթ ունեցաւ «Մանչուկը եւ Քարլսոնը, որ կ՛ապրի տանիքին վրայ» մանկապատանեկան թատերախաղով:
Նիւթը կը խօսի մանչուկի մը մասին, որ կ՛ունենայ ընկեր մը` «Քարլսոն»ը, որ կ՛ապրի տանիքին վրայ, սակայն իրմէ զատ ոչ ոք կը տեսնէ եւ կը հաւատայ անոր: Սակայն թատերախաղի աւարտին վերջապէս մանչուկին ընտանիքը կը ծանօթանայ Քարլսոնին եւ կը հաւատայ, որ ան գոյութիւն ունի:
Բեմադրիչ Լանա Քոչարեան-Ատրունի իր շուրջ համախմբած էր գաղութի հանրածանօթ եւ կարող դերասաններ` Վարդան Մկրտիչեան եւ Պեթի Սարգիսեան, ինչպէս նաեւ Մակի Վասիլեան, Կասիա Թոփուշեան, Թուխիկ Աւետիսեան, Նարեկ Մուղալեան, Սթեֆանի Ղուկասեան, Մասիս Լեփեճեան, Առնօ Ճիհանեան, որոնք շատ լաւ ձեւով կատարեցին իրենց վստահուած դերերը, յատկապէս` մանչուկը (Կասիա Թոփուշեան) եւ Քարլսոնը` (Վարդան Մկրտիչեան), որոնք փայլք տուին թատերախաղին:

