ՀԲԸՄ-Ի ՏԻԿՆԱՆՑ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ ԿԱՂԱՆԴԻ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ
Տարեվերջի սեմին, լիբանանահայ զանազան միութեանց ու կազմակերպութեանց գործունէութեան առանցքը կը կազմէ Կաղանդի յատուկ ձեռնարկներու կազմակերպումը` հանրութեան փոխանցելով համամարդկային այս տօնին աւանդական խորհուրդն ու իմաստը:
Այս ծիրին մէջ, կազմակերպութեամբ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Տիկնանց յանձնախումբին, ուրբաթ, 9 դեկտեմբերի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին բացումը կատարուեցաւ Կաղանդի տօնավաճառ-ցուցահանդէսին, որուն իրագործման համար իրենց տքնաջան մասնակցութիւնը բերած էին յանձնախումբի անդամները:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց նշեալ յանձնախումբի ատենապետ Շողիկ Պաղտասարեան, որ բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն յայտնեց, որ սոյն ձեռնարկով յանձնախումբը կը միտի զարկ տալ ՀԲԸՄ-ի հովանաւորած հայկական վարժարաններու բարգաւաճման: Ան նշեց, որ մարդիկ եւ միութիւններ կ՛ապրին կեանքի լաւ ու դառն օրեր ու ժամանակը կու գայ մոռցնելու եւ յաճախ դարմանելու այդ ցաւերը:
Պաղտասարեան իր խօսքին մէջ վեր առաւ «Տեմիրճեան» կեդրոնի հիմնադիր ընտանիքէն` Սեդա Տեմիրճեանի գործունէութիւնը` ընդգծելով, որ` «անոր բարերար ջանքերով այս կեդրոնը ստացաւ նոր դէմք եւ ուղի»: «Սեդա Տեմիրճեան, ՀԲԸՄ-ի այս նուիրեալ բարերարը, անխոնջ աշխատեցաւ ու կ՛աշխատի ի նպաստ հայկական վարժարաններու բարգաւաճման, որովհետեւ ան կը հաւատայ հայ դպրոցի առաքելութեան, վաղուան մարդու կերտումի նուիրեալ գործին: Բախտաւոր են այն միութիւնները, որոնք ունին նման բարերարներ», ընդգծեց Պաղտասարեան: «Երախտագիտութիւնը մարդը արժեւորող յատկանիշներէն է», շարունակեց ան եւ տիկնանց յանձնախումբին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց բարերարին եւ բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին սոյն ձեռնարկի իրագործման:
Ձեռնարկը առաւել հմայք ստացաւ երբ նոյնինքն զայն հովանաւորող բարերար Սեդա Տեմիրճեան իր ներկայութեամբ ոգեւորեց մթնոլորտը:
Այս իմաստով «Ազդակ»-ին հետ մտերմիկ զրոյցի մը պահուն ան ըսաւ. «Ես խիստ կը քաջալերեմ բարերար ազգօգուտ աշխատանքը եւ տրամադիր եմ համակ կեանքս նուիրելու այս կամաւոր աշխատանքին, պայմանաւ որ անիկա կատարուի քուլիսներու ետին»:
Բարերար Սեդա Տեմիրճեան բարձր գնահատելով տիկնանց յանձնախումբի եւ առհասարակ հայուհիներու կամաւոր աշխատանքը, շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց ու ըսաւ. «Անոնց հետ կը գործեմ եւ կ՛ընդառաջեմ անոնց, բայց այսօրուան այս մեծարումը անակնկալ էր ինծի համար եւ ես խորապէս ազդուած եմ»:
Այս առիթով անգլերէնով խօսք առաւ նաեւ Գալին Վանլեան-Եավերեան, որ բարձր գնահատեց ու դրուատեց բարերար Սեդա Տեմիրճեանի ջանքերը, «որ նաեւ ՀԲԸՄ-ի մշակութային յանձնախումբի ատենապետի իր հանգամանքով զարկ կու տայ ՀԲԸՄ-ի ու հայ մշակոյթի վերելքին եւ հայկական վարժարաններու զարգացման»: «Տեմիրճեան ընտանիքի նպաստը մեծ գանձ մըն է համայն հայութեան», ընդգծեց Եավերեան:
Այս առիթով տիկնանց յանձնախումբը 14-ամեայ պատանիի մը կողմէ պատրաստուած Հայաստանի «Հայորդաց տան» մէկ ձեռակերտ «այբուբեն»-ի յուշանուէրով պատուեց Սեդա Տեմիրճեանը:
Ցուցահանդէսը, որուն ընթացքին կը ցուցադրուին հայկական տոհմիկ, աւանդական ճաշեր, անուշեղէններ, ձեռագործներ, յուշանուէրներ: Հոն ցուցադրուած են նաեւ Կաղանդի յատուկ ոչ հայկական զարդեղէններ, ձեռագործներ եւ յուշանուէրներ:
Այս առիթով ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն ընթացքին Կարմիրեան վարժարանի աշակերտներ` խմբավարութեամբ Անայիս Կետիկեանի, խմբերգեցին Ամանորի յատուկ հայերէն թէ օտար երգեր` մեծապէս խանդավառելով մթնոլորտը:

