ՀՅԴ «ԳԱՐԵԳԻՆ ՆԺԴԵՀ – ՍԵՐԳԷՅ» ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ. «ՔԱԼԵՆՔ ՀԵՐՈՍՆԵՐՈՒ ՈՒՂԻՈՎ»
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ- Սերգէյ» պատանեկան միութեան, շաբաթ, 10 դեկտեմբերին տեղի ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 20-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն մը` «Գարեգին Նժդեհ» ակումբին մէջ, Զալքա:
Հանդիսութեան ներկայ էին աւելի քան եօթանասուն ծնողներ, շրջանէն փոքրեր, հրաւիրեալներ եւ ուղեկից միութիւններու ներկայացուցիչներ:
Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքը արտասանեց պատանեկան միութեան կրտսերներու վարիչ ընկերուհին, որ վեր առաւ Արցախի հանրապետութիւնը կերտած խոնարհ հերոսներուն արժէքը` զայն կապելով օրուան պատգամին: «Երբե՛ք առանց Սիւնիքի եւ Արցախի: Առանց Հայաստանի աշխարհագրական այդ ուժեղ ողնաշարին, մեր ամբողջական հայրենիքը գոյութիւն ունենալ չէ կարող»: Գարեգին Նժդեհի այս խօսքը, իր բոլոր խօսքերուն նման, այժմէական է… Ինչպէս մեր ամբողջական հայրենիքը կը սահմանուի մեր բոլոր հողերով անխտիր, «Գարեգին Նժդեհ-Սերգէյ» պատանեկան միութիւնն ալ կը գոյատեւէ միացեալ ճիգերով»: Պատանեկան Միութեան անունով ընկերուհին շնորհակալութիւն յայտնեց «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէութեան, ծնողներուն եւ հանդէսի պատրաստութեան բոլոր օժանդակողներուն:
Ապա, կրտսեր պատանի մը նկարներու ցուցադրութեամբ ծանօթացուց միութեան զանազան աշխատանքները:
«Քալենք հերոսներու ուղիով» օրուան պատգամը արտայայտեցին պատանիները կենդանի պատկերով: Անոնք իրենց խանդավառ երգերով, մարզական խաղերով ու պարով ոգեւորեցին ներկաները եւ անգամ մը եւս փաստեցին, որ դաշնակցական պատանին հայրենասէր, աշխատասէր ու արի է:
Հանդէսը փակուեցաւ «Մշակ բանուոր» քայլերգով, որմէ ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: