ՔԻ ՄՈՒՆ ԼԻԲԱՆԱՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2012-ԻՆ
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն երէկ Տոհայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուրի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Սուրի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն դէմ գործուած պայթումին վերաբերող հարցեր:
Մանսուր նշեց, որ ինք Լիբանանի պետութեան եւ ժողովուրդին անունով վերահաստատած է իր դատապարտումը միջազգային խաղաղապահ ուժերը թիրախ դարձնող այս պայթումներուն դէմ` աւելցնելով, որ Լիբանան կառչած կը մնայ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն ապահովութեան ու անվտանգութեան եւ կ՛արժեւորէ հարաւի մէջ անոնց կատարած առաքելութիւնը:
Մանսուրի հետ իր հանդիպումին ընթացքին Պան Քի Մուն յայտնեց, որ յառաջիկայ 13-14 յունուարին պաշտօնական այցելութեամբ մը պիտի ժամանէ Լիբանան, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ իշխանութեան երեք պետերուն եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու ընդհանուր հրամանատարութեան հետ: