ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԽՍՏԻՒ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵՑ ՖԻՆԻՒԼ-Ը ԹԻՐԱԽ ԴԱՐՁՈՒՑԱԾ ՊԱՅԹՈՒՄԸ
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը հանդիսապետեց կիրակի օրուան պատարագին:
Իր արտասանած քարոզին մէջ Ռայի պատրիարքը խստիւ դատապարտեց ՖԻՆԻՒԼ-ը թիրախ դարձնող պայթումը` շեշտելով, որ կարելի չէ խաղաղապահ գործունէութիւն եւ առաքելութիւն ունեցող, ինչպէս նաեւ զոհողութիւն կատարող ֆրանսացի արժանապատիւ ուժերուն դէմ նման արարքներ ընդունիլ:
Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց հաւաքելու Լիբանանի մէջ տարածուած զէնքը եւ զայն յանձնելու երկրին ապահովական կառոյցներուն, որոնք պատասխանատու են երկրին ապահովական կայունութեան:
«Անընդունելի է Լիբանանը ոեւէ մէկուն քմահաճոյքին գերին դարձնել», ըսաւ Ռայի պատրիարք:
Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը շաբաթավերջին Պքերքէի մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի խորհրդական Տաուտ Սայեղը, որ Ռայի պատրիարքին փոխանցեց Հարիրիի ողջոյնները: Ռայի պատրիարքը մաղթեց, որ մօտիկ ապագային հանդիպի Հարիրիի հետ` քննարկելու համար Լիբանանի շահերուն ծառայող շարք մը հարցեր:

