ԱՀՄԵՏ ԶԷՅՏԱՆ ԱԶԱՏ ԱՐՁԱԿՈՒԵՑԱՒ ԱՌԱՆՑ ՓՐԿԱԳԻՆԻ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց «Լիպան լէ» ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Ահմետ Զէյտանը, որուն ընկերակցեցան անոր եղբայրն ու ընտանիքին անդամները:
Ահմետ Զէյտան Պեքաայի մէջ չորս օր առաջ առեւանգուած էր, եւ զայն ազատ արձակելու համար առեւանգողները փրկագին պահանջած էին:
Զէյտան շնորհակալութիւն յայտնեց խորհրդարանի նախագահին, որ անձամբ հետապնդած էր իր դատը եւ ամբողջ գիշերը հաղորդակցութիւններ ունեցած էր` իր ազատ արձակումին համար, առանց փրկագին վճարելու:
Զէյտան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն, որոնց ջանքերուն շնորհիւ ինք ողջ առողջ վերադարձաւ իր ընտանիքին:
Զէյտան յայտնեց, որ զինք առեւանգող կողմերը փրկագին պահանջելու նպատակով գործած էին այդ արարքը:
Իր կարգին, Պըրրի Այն Թինէի մէջ լրագրողներուն հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնեց Պեքաայի բնակիչներուն, որոնք օժանդակեցին այս անարգ արարքը սրբագրելու: Ան շեշտեց, որ Ահմետ Զէյտանի գործարանը աշխատանք կ՛ապահովէ Պեքաայի հարիւրաւոր բնակիչներուն:
Խորհրդարանի նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ լիբանանեան բանակին եւ ապահովական ուժերուն, որոնք Ամալ շարժումին եւ յատկապէս Պասսամ Թլայսի հետ գործակցեցան` հասնելու համար այս ուրախ աւարտին:
Պըրրի նշեց, որ խնդրոյ առարկայ ապահովական ուժերուն առաքելութիւնը պէտք է ըլլայ մաքրել երկիրը նման աւազակախումբերէ: Ան շեշտեց, որ ինք Զէյտան եղբայրներէն պահանջած է Պեքաայի մէջ իրենց ներդրումները աւելցնել:
Պըրրիի հետ հանդիպումէն ետք Այն Թինէի մուտքին ոչխարի զենում կատարուեցաւ եւ Ահմետ Զէյտան վերադարձաւ Սայտա:


