«ԵՐԿՐԻՆ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆԸ ՀԻՄՆԱԿԱՆ Է, ԵՒ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԵՆՔ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱԽՈՀՈՒԹԵԱՄԲ ՀՈԳ ՏԱՆԵԼՈՒ ԱՆՈՐ» ՀԱՍՏԱՏԵՑ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ երեկոյեան այցելեց Պէյրութի շուկաները, ուր յայտարարեց, թէ ինք ուրախ է, որ հոն տեսած է բոլոր շրջաններէն, համայնքներէն եւ յարանուանութիւններէն լիբանանցիներ:
Վարչապետը շեշտեց, որ ինք այցելած է նաեւ վաճառատուները, ուր իմացած է, թէ տօնական օրերու նախօրեակին յուսադրիչ են պայմանները` այդ եղանակը շահաւէտ դարձնելու իմաստով:
Վարչապետը ընդգծեց, որ ինք պիտի շրջի նաեւ Լիբանանի այլ շուկաներուն մէջ` իրեն ընկերակցող նախարարներուն հետ. ան մաղթեց, որ տօնական օրերուն տիրող այս աշխուժութիւնը ամբողջ տարուան ընթացքին, նոյնպէս ըլլայ տիրական:
«Երկրին ապահովական կայունութիւնը հիմնական է, եւ կոչ կ՛ուղղեմ լիբանանցիներուն այդ կայունութիւնը սիրով եւ համախոհութեամբ պահպանելու», հաստատեց վարչապետ Միքաթի:
Վարչապետին ընկերակցեցան ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան, զբօսաշրջութեան նախարար Ֆատի Ապպուտ, առեւտուրի եւ տնտեսութեան նախարար Նիքոլա Նահհաս, տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Ապպուտ եւ պետական նախարար Մարուան Խէյրէտտին:
Միւս կողմէ, շաբաթ օր վարչապետ Միքաթի «Մովեմփիք» պանդոկին մէջ ներկայ գտնուեցաւ ընկերային հարցերու արաբ նախարարներուն գումարած 31-րդ խորհրդաժողովին, որուն ընթացքին
ան շեշտեց, թէ աշխատավարձերու յաւելումին առումով կառավարութեան տուած որոշումը առաւելագոյն կարողութիւնը կը նկատուի այս հանգրուանին եւ այս պայմաններուն մէջ:
Ան դիտել տուաւ, որ աշխատավարձերու յաւելումին կողքին, տակաւին կառավարութիւնը պիտի ուսումնասիրէ աշխատանքի նախարար Շարպել Նահհասի ներկայացուցած ամբողջական ծրագիրը:
Ան նկատել տուաւ նաեւ, որ ընկերային մտահոգութիւնները Լիբանանի համար հիմնական են` աւելցնելով, որ գլխաւոր մտահոգութիւններէն մէկն է թմրեցուցիչի գործածութեան հարցը:
Շաբաթավերջին վարչապետ Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ապատի նշեց, որ ինք
Միքաթիին ներկայացուցած է Իրանի արձանագրած նուաճումը` Իրանի վերեւ թռչող ամերիկեան լրտեսական օդանաւը վար առնելու իմաստով:
Ապատի ընդգծեց, որ ամբողջ շրջանին մէջ ապահովական կայունութիւն կարելի պիտի չըլլայ հաստատել, բացի երբ կասեցուին Միացեալ Նահանգներու կողմէ տարբեր երկիրներու գործին միջամուխ ըլլալու յանդգնութիւնն ու ախորժակները:
Նշենք, որ վարչապետ Միքաթի «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան թղթածրարին առնչութեամբ սուտ վկաներուն հարցը առկայ է եւ անիկա քննարկումի օրակարգի վրայ պիտի դրուի յարմար առիթին:
Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը ֆինանսաւորելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ իր կարծիքով, Հըզպալլա կ՛ըմբռնէ այդ ատեանը ֆինանսաւորելու իր մտահոգութիւնը, ինչպէս ինք կը հասկնայ Հըզպալլայի կեցուածքը:
«Չեմ ուզեր խոչընդոտել արդարութեան գործադրութիւնը, սակայն միաժամանակ դէմ ենք, որ դատական այդ ատեանը գործէ քաղաքականացած եւ քինախնդիր կերպով», յայտնեց ան:
Անդրադառնալով Սուրիոյ զարգացումներէն ինքզինք զանց կացուցելու Լիբանանի որդեգրած կեցուածքին` Միքաթի ըսաւ, որ այդ տեսակէտը որդեգրած են` պահպանելու համար Լիբանանի գերագոյն շահերը:
Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ «կառավարութիւնը նոր հանգրուան մուտք գործած է, եւ կոչ կ՛ուղղեմ նախարարներուն ճիգ չխնայելու` ի խնդիր Լիբանանի ազգային շահերուն»: