ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ` ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ՆՍՏԱՎԱՅՐԻՆ ՄԷՋ

Շաբաթ, 10 դեկտեմբերին Հայաստանի նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցած է պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան ժամանած Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Միշել Սլէյմանի հրաժեշտի արարողութիւնը:

Ինչպէս կը հաղորդէ Հայաստանի նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը, մինչ այդ, երկու երկիրներու ղեկավարները կարճատեւ առանձնազրոյցի ընթացքին ամփոփած են այցելութեան արդիւնքները: Նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդգծած է, որ Լիբանանի նախագահին հետ հանդիպման իբրեւ արդիւնք անգամ մը եւս համոզուած է, որ երկու բարեկամ երկիրները ունին բաւականաչափ ընդհանուր հետաքրքրութիւններ, խնդիրներ եւ հանդիպման եզրեր, նաեւ` այդ բարեկամութիւնը մշտապէս ամրապնդելու պարտաւորութիւն: Նախագահ Սարգսեանի համաձայն, նախագահ Միշել Սլէյմանի այցելութիւնը Հայաստան` քայլ էր այդ ուղղութեամբ: Սերժ Սարգսեան յոյս յայտնած է, որ Լիբանանի նախագահին հետ մօտ ապագային կրկին կը հանդիպին` այդպիսով անգամ մը եւս հայ-լիբանանեան ներկայ ջերմ յարաբերութիւնները մշտապէս ամրապնդելու ազդակ հաղորդելով շահագրգիռ բոլոր կողմերուն:

Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Միշել Սլէյման շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան համար եւ նշած, որ լիբանանեան կողմը հետեւողական պիտի ըլլայ այցելութեան ընթացքին ստորագրուած փաստաթուղթերը կեանքի կոչելու հարցով, որուն համար պատասխանատու բոլոր պետական մարմիններուն համապատասխան յանձնարարականներ պիտի տրուին:

Միշել Սլէյման եւս համոզուած ընդգծած է, որ իր պաշտօնական այցելութիւնը Հայաստան լրացուցիչ խթան կը հանդիսանայ բոլոր մարզերուն մէջ հայ-լիբանանեան յարաբերութիւնները աւելի գործուն դարձնելու եւ ամրապնդելու համար:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES