ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ՔՈՐԷԱ ՊԱՇՏՕՆԱՆԿ ԸՐԱՒ ԻՐ ՄԱՐԶԻՉԸ
Հարաւային Քորէայի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ երկրի ազգային խումբի մարզիչ Սհօ Քուանկ-Ռայէ պաշտօնանկ եղաւ, որովհետեւ անոր կազմը 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցումներուն 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Լիբանանէն (Պէյրութի մէջ):
«ՖԻՖԱ-ի ընդհանուր դասաւորման մէջ 146-րդ դիրքին վրայ գտնուող կազմէ մը այսպիսի պարտութիւն մը կրելը երբեք ընդունելի պիտի չըլլայ մեզի համար, ինչ որ ալ ըլլան պայմանները», նշուեցաւ ֆետերասիոնին հաղորդագրութեան մէջ:
Նշենք, որ նախորդ սեպտեմբերին Հարաւային Քորէա երթի մրցումին իր դաշտին վրայ 6-0 արդիւնքով յաղթած էր Լիբանանի:
57 տարեկան Սհօ, որ յուլիս 2010-ին նշանակուեցաւ մարզիչ, 80 անգամ կրած է երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին շապիկը (իբրեւ մարզիկ):
Ըստ հարաւային քորէական մամուլին, կը կարծուի, որ Իրանի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիչ եւ Հարաւային Քորէայի օգնական մարզիչ Աֆշին Ղոթպի ըլլայ Սհոյի յաջորդը: