ՍՊԱՆԻՈՅ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՊԱՐՍԵԼՈՆԱ ՅԱՂԹԵՑ ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏԻ (3-1)` «ՍԱՆԹԻԱԿՕ ՊԵՌՆԱՊԷՕ»-Ի ՄԷՋ

Պարսելոնայի մարզիկները կը տօնեն Սեսք Ֆապրեկասի նշանակած կոլը

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանի գագաթի սպասուած ճակատումը, որ տեղի ունեցաւ նախանցեալ օր, «Սանթիակօ Պեռնապէօ»-ի դաշտին վրայ, աւարտեցաւ հիւր կազմին` Պարսելոնայի յաղթանակով, որ 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց մայրաքաղաքի կազմը` Ռէալ Մատրիտը:

Թէեւ մրցումին հաշիւը բացաւ Քարիմ Պենզեմա` 23-րդ երկվայրկեանին, Պարսայի բերդապահ Վիքթոր Վալտեսի մէկ սխալէն ետք, սակայն Ալեքսիս Սանչես յաջողեցաւ Ա. կիսախաղին իր կազմին հաւասարութեան կոլը նշանակել (30-րդ):

Բ. կիսախաղին յաջորդաբար Զաւի (53-րդ) եւ Սեսք Ֆապրեկաս (66-րդ) նշանակեցին Պարսելոնայի երկրորդ եւ երրորդ կոլերը:

Շուրջ 80 հազար համակիրներու ներկայութեան, այսպիսով Եոսիփ Կուարտիոլա իր պաշտօնը ստանձնելէն ի վեր «Քլասիքօ»-ի 12 մրցումներուն արձանագրեց իր 8-րդ յաղթանակը:

Այժմ մրցում մը աւելի կատարած Պարսելոնա կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը (37 կէտով)` իր ունեցած կոլէվըրէյճին շնորհիւ գերազանցելով Ռէալ Մատրիտը:

Ռէալ Մատրիտ այս շաբաթավերջին 16-րդ հանգրուանին հիւրը պիտի ըլլայ Սեւիլլայի, մինչ Եւրոպայի ախոյեան Պարսելոնա պիտի մեկնի Ճափոն` մասնակցելու համար աշխարհի ակումբներու ախոյեանութեան:

Share this Article
CATEGORIES