ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ ԱԿԱՆԱՀԱՐՈՒՄ ՄԸ ԶՈՀ ՄԸ ԵՒ ՔՍԱՆ ՎԻՐԱՒՈՐՆԵՐ ԿԸ ՊԱՏՃԱՌԷ

Կեդրոնական Երուսաղէմի մէջ երէկ փոխադրակառքերու կեդրոնի մը ականահարումը պատճառեց զոհ մը եւ քսան վիրաւորներ: Ոչ ոք ստանձնեց գործողութեան պատասխանատուութիւնը, սակայն իսրայէլեան իշխանութիւնները պաղեստինցիները ամբաստանեցին:

Ամբաստանութեան հաստատման պարագային ասիկա տարիներէ ի վեր քաղաքին մէջ տեղի ունեցած առաջին ականահարումը կ՛ըլայ:

Մէկ այլ զարգացումով, հրթիռ մը հարուածեց հարաւային Բերսեբա քաղաքը` թեթեւ կերպով վիրաւորելով անձ մը, եւ այլ հրթիռներ հարուածեցին հարաւային Իսրայէլը: Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Էհուտ Պարաք սպառնաց Համասին հակադարձել: «Պիտի չարտօնենք իսրայէլացի քաղաքայիններուն վնաս հասցնել, ո՛չ հարաւի մէջ, ո՛չ ալ Երուսաղէմի մէջ», ըսաւ Պարաք:

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մենհա Պախում զգուշացուց Իսրայէլը Կազայի դէմ զինուորական գործողութիւն մը կատարելէ: «Բռնարարքներու մագլցումը պիտի չծառայէ որեւէ կողմի շահերուն եւ խաղաղութեան կամ կայունութեան պիտի չծառայէ», ըսաւ ան:

Share this Article
CATEGORIES