ԵՄԷՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՑ ՆԱԽԱԳԱՀԻ` ԱՐՏԱԿԱՐԳ ԴՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՄԱՆ ՈՐՈՇՈՒՄԸ

Միաձայնութեամբ կը վաւերացնեն որոշումը

Եմէնի նախագահին կողմէ ձերբակալման, արգելափակման եւ գրաքննութեան յաւելեալ իշխանութեան խնդրանքին ընդառաջելով` երկրին խորհրդարանը միաձայնութեամբ վաւերացուց նախագահի` արտակարգ դրութեան հաստատման որոշումը:

Խորհրդարանին քայլը նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհի եւ անոր հեռացումը պահանջող շարժումին միջեւ պայքարին մէջ մագլցողական քայլ մըն է, մանաւանդ որ ընդդիմութիւնը ուրբաթ օր ժողովրդային համատարած ցոյցեր կատարելու կոչ ուղղած է:

Արտակարգ դրութիւնը կ՛առկախէ սահմանադրութիւնը, գրաքննութիւն կ՛արտօնէ, հրապարակային հաւաքները կ՛արգիլէ եւ ապահովական ուժերուն երեսուն օր տեւողութեամբ առանց դատավարութեան կասկածելիներ ձերբակալելու եւ արգելափակելու լիազօրութիւններ կը շնորհէ:

 

Share this Article
CATEGORIES