50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (13 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 1961)
ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ
ՀԱԼԷՊԻ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐԸ
ԲԵՐԻՈՅ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻՆ ՔՈՎ
«Արեւելք» (7 դեկտեմբեր) կը գրէ.-
Երէկ Հալէպի նորընտիր երեսփոխանները այցելեցին Բերիոյ թեմի առաջնորդ Ղեւոնդ արքեպիսկոպոսին: Յարգելի երեսփոխանները հիւրասիրուեցան առաջնորդարանի դահլիճին մէջ: Սրբազան հայրը շնորհաւորեց զիրենք եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց վստահուած ծանր պաշօնին մէջ` ի բարօրութիւն եւ բարգաւաճում սուրիական եւ արաբական հայրենիքին:
Երեսփոխաններու կողմէ խօսք առաւ տոքթ. Մաարուֆ Տաուալիպի, որ շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր գեղեցիկ մաղթանքներուն համար եւ յայտնեց, թէ ամէն զոհողութիւն յանձն պիտի առնեն հայրենիքին վերելքին եւ անոր փառքի կերտումին համար:
Այցելութիւնը թէեւ կարճ տեւեց, բայց մեծ էր խանդավառութեան ոգին եւ գնահատելի` սիրոյ մթնոլոտը:
ԸՆԿ. ԱՐԹԸՐ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ
ԱՊԱՔԻՆԱԾ
Ամերիկայի մեր ծանօթ ընկերներէն Արթըր Կիրակոսեան հիւանդանոց փոխադրուած եւ ենթարկուած էր վիրաբուժական գործողութեան մը: Գործողութիւնը յաջող անցած ըլլալով, ընկերը ապաքինումի ճամբուն մէջ մտած է:
ՇԱՐՔԵՐԸ ԿԸ ԽՏԱՆԱՆ
Ուստրի մէջ (Ամերիկա) Դաշնակցութեան 71-ամեակի տօնակատարութեան առթիւ, որ տեղի ունեցած է 3 դեկտեմբերին, վեց նոր երիտասարդներ կատարած են իրենց երդումը եւ մտած` շարքերը: Այս նոր ընկերներուն բոլորն ալ բարձրագոյն կրթութիւն ստացած երիտասարդներ են: Երդման արարողութիւնը կատարած է ընկեր Սեդրակ Մինաս:
ՊԵԼՃԻՔԱՀԱՅԵՐՈՒ
ՊԱՐԱՆՑԻԿ-ԵՐԵԿՈՅԹԸ
Ամսոյս 2-ին Պելճիքայի Անվերս քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է պելճիքահայերու առաջին հանդիպումը, Տիկնանց միութեան կազմակերպած պարանցիկ-երեկոյթով: Խանդավառ մթնոլորտի մէջ շարունակուած է պարանցիկը, որմէ գոյացած է կլորիկ գումար մը, ի նպաստ տիկնանց միութեան:
Պրիւքսելէն սոյն պարանցիկին մասնակցելու համար եկող հայրենակիցները հիւրասիրուած են յաջորդ օր մինչեւ իրիկուն, Ժան Ապաճեանի կողմէ:
ԿԱՐՏԻՆԱԼ ԱՂԱՃԱՆԵԱՆ
ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՈՅԻ ՄԷՋ
«Հայրենիք»ի 8 դեկտեմբերի թիւին մէջ կը կարդանք.-
Գրիգոր Պետրոս կարտինալ Աղաճանեան հասած է Սան Ֆրանսիսքօ` ներկայ ըլլալու համար եկեղեցական ժողովի մը, որուն կը մասնակցին 130 պատուիրակներ, երեք աշխարհամասերէ:
Դեկտեմբեր 3-ի կիրակի օր, ծիրանաւոր Աղաճանեան պատարագած է Ս. Մերի մայր եկեղեցիին մէջ, 3000 հոգիի ներկայութեան, որ ժամ մը առաջ եկած էր եկեղեցի: Քարոզած է կաթողիկէ համբաւաւոր քարոզիչը` Շիին եպիսկոպոս:
ՄԱՐԶԱԿԱՆ
«ՍԻՓԱՆ ԽՈՒՄԲԻՆ
ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
«Սիփան» խումբը կազմուած է դահոյկարշաւը սիրող եւ քաջալերող լիբանանահայ կարգ մը երիտասարդներու կողմէ, մօտ երկու տարիէ ի վեր: Անոնք, շնորհիւ իրենց երկաթեայ կամքին եւ յարատեւութեան, յաջողած են կազմել զուտ հայկական դահոյկի խումբ մը, եւ զայն կոչած են «Սիփան» լերան հայրենաշունչ անունով: Նման յաջողութիւն մը առաջին անգամ ըլլալով կ՛արձանագրուի լիբանանահայ մարզական պատմութեան մէջ եւ առիթ կու տայ մեզի հպարտութեամբ արտայայտուելու այս մասին:
Խումբը արդէն լաւապէս կազմակերպուած է եւ ունի իր վարչական կազմը բաղկացած հաւատաւոր մարզասէր երիտասարդ ուժերէ: Ան մէկ տարիէ ի վեր պաշտօնապէս մաս կը կազմէ լիբանանեան ֆետերասիոնին եւ կանոնաւորապէս կը գործէ երկու եղանակէ ի վեր:
Նկատի ունենալով օրէ օր մեծափայլ յառաջդիմութիւնները` «Սիփան» խումբի` վարչութիւնը ներկայիս կոչ կ՛ուղղէ մարզասէր հայ հասարակութեան, ընդհանրապէս եւ առանց որեւէ խտրութեան, նաեւ մասնաւորապէս իր անդամներուն, որ յառաջիկայ հինգշաբթի, 14 դեկտեմբեր 1961-ի երեկոյեան ժամը 8-ին պիտի կայացնէ խորհրդակցական ընդհանուր հաւաքոյթ մը իր առժամեայ սրահին մէջ, Տիգրան Թամիրեանի գրասենեակը, Ժորժ Փիքօ փողոց, հեռ. 232042: Սիրով պիտի ընդունուին ամէն տեսակի առաջարկներ:
Այս առթիւ խորապէս կը շնորհաւորենք «Սիփան» խումբին վարչական կազմը եւ ապագայի նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք:
ՄԱՐԶԻԿ

