«ԱԶԴԱԿ»-Ի ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԱԾ ՏՊԱՐԱՆԻ ԲԱՑՄԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆԻ ԱՐՏԱՍԱՆԱԾ ԽՕՍՔԸ

«Ազդակ»-ի պատմութեան մէջ այսօր կարեւոր պահ է: 84-ամեայ մեր թերթին արձանագրած իրագործումներուն առումով, այս մէկը նոյնիսկ կարելի է համարել շրջադարձ, ինչպէս շրջադարձային նշանակութիւն ունէին «Փիւնիկ» թերթէն «Նոր Փիւնիկ» եւ ապա «Ազդակ» անցումները, եռօրեայէն երկօրեայ եւ ապա օրաթերթ մամուլի նուաճումները կամ չորսէն ութ ապա տասը էջերու յաւելումները: Այսօր «Ազդակ» հնարաւորութիւնը կ՛ունենայ իր տպարանը հիմնովին վերանորոգած` իր ընթերցողին ներկայանալու նոր տեսքով:

«Ազդակ»-ի խմբագրատան վերակառուցումէն, «Փիւնիկ» սրահի շինութենէն եւ կայքէջը ամէնէն արդիական համակարգով օժտելէն ետք,  «Ազդակ» այսօր հիմնովին կը վերանորոգէ իր տպարանը` մամուլի ժամանակակից տպագրական արհեստագիտութեան ընդառաջ կարեւոր քայլ մը ապահոված ըլլալու գոհունակութեամբ:

Դասական մամուլի եւ աւելի մասնակիօրէն տպագիր մամուլի ճակատագիրը լրջօրէն վտանգուած է ներկայ բաց համակարգի եւ համացանցային ընդհանուր դրութեան մէջ ելեկտրոնային մամուլի արագընթաց զարգացումին դիմաց: Գաղտնիք չէ, որ համաշխարհային տարողութեամբ մեծագոյն թերթերն անգամ կը դիմեն արտակարգ միջոցներու` վերապրելու կամ գոյութիւն շարունակելու համար: Անոնցմէ շատեր փակման սեմին են, ուրիշներ արդէն ընդմիշտ հրաժեշտ տուած իրենց ընթերցողներուն:

Պարզ է, որ ելեկտրոնայինը կ՛ընթանայ սրընթաց, մինչ տպագիրը նոյն սրընթացութեամբ կը նահանջէ: Ամէնէն դիւրինը այս բոլորին մէջ ճակատը լքելն է արդարանալով, որ ա՛յս է ներկայ ժամանակներուն պարտադրած իրականութիւնը եւ, առ այդ, պէտք է դադրեցնել տպագիր տարբերակը:

Այդպէս չէ եղած սակայն Դաշնակցութեան Լիբանանի ընտանիքին եւ իրերայաջորդ մարմիններուն մօտեցումը` ի տես այդ օրերու իրականութիւններուն, դժուարութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն: Եւ եթէ «Ազդակ»-ի հիմնադիր սերունդը, իրերայաջորդ կեդրոնական կոմիտէները, տարիներու վրայ կեանք ու շունչ սպառած տնօրէնները, խմբագիրներն ու յաջորդական աշխատակազմերը անկարելին դարձուցած են կարելի եւ թերթը անխափան հրատարակած եւ հասցուցած` լիբանանահայ ընթերցողին, մենք բարոյական պարտաւորութեան տակ ենք ճակատը չլքելու եւ պատուով դուրս գալու մեզի հարկադրուած այսօրուան պայքարէն:

Խոստովանինք, որ բարդ են պայմանները: Տնտեսական տագնապը, սղաճը, ելքերու արագակշռոյթ բազմապատկումներն  ու եկամուտներու լաւագոյն պարագային կայունացուածութիւնը թուաբանական տրամաբանութեամբ փայլուն հեռանկար չեն պարզեր մեր առջեւ: Սակայն թուաբանութիւնը չէ՛ մեր շարժիչ գործօնը: Այստեղ ուրիշ արժեհամակարգ մը մեզ բոլորս` իբրեւ տնօրէնութիւն, խմբագրակազմ, քարտուղարութիւն, վարչական բաժանմունքներ, ծանուցումի աշխատակիցներ, գրաշարներ, սրբագրիչներ, էջադրողներ, տպագրողներ, ցրուիչներ, տնտեսներ եւ ընթացիկ գործերու պաշտօնեաներ կը դնեն «Ազդակ»-ը կերտողներու թողած ժառանգութիւնը հարստացնելու բարոյական պարտաւորութեան տակ: Այս հսկայ ժառանգութիւնը , որ ժառանգած ենք մեր նախորդներէն, պահելու, գուրգուրալու անոր վրայ եւ մանաւանդ անոր գաղափարախօսական առանցքին վրայ յենած նոր զարգացումը ապահովելու:

Կեդրոնական կոմիտէներու եւ «Ազդակ»-ի աշխատակազմերու հաւաքական նուիրուածութիւնը ի կատար չէր ածուեր, եթէ մեր կողքին չունենայինք այս գործին հաւատացող, հայ մամուլի ներկայ դժուարութիւնները յաղթահարելու մեր պայքարին մէջ մեզի միջոցներ տրամադրող, մեր սեփական խմբագրատան, մեր սեփական սրահին եւ այժմ մեր սեփական վերանորոգուած տպարանին առաջադրանքները իրականացնող հիմնադրամներ, նուիրատուներ, ֆոնտեր, որոնք,  ինչպէս միշտ, այս երազի իրականացման համար եւս յայտնուեցան մեր կողքին: Շաղզոյեան եղբայրներուն կատարած մեկնակէտային հիմնական նուիրատուութենէն ետք, մենք վերջին շրջանին մեր տարբեր ծրագիրները իրականացնելու համար մեր կողքին գտանք` Սարգիս եւ Ժիւլի Պուտագեանները, «Փիւնիկ» հիմնադրամն ու անոր նախագահ Գաբրիէլ Չեմպերճեանը, ԳՈՀԱՐ-ի մեծ ընտանիքը, «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքը, Ալեքօ եւ Անի Պեզիկեանները, «Սօսի յիշատակի» ֆոնտը, «Նոազ Արք»ը, «Եռագոյն Ֆոնտ»ը, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը, Մարաշի հայրենակցական միութիւնը, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի եւ Քուէյթի շրջանները, Այանեան հաստատութիւնը, «Վիվասէլ Էմ. Թի. Էս.»-ը, Չաղլասեան ընտանիքը եւ շատ ու շատ անանուն նուիրատուներ, որոնց նիւթաբարոյական աջակցութիւններն ու քաջալերանքները պարտաւորեցնող են մեզի համար: Մեր թերթին արձանագրած յառաջընթացը չէր վրիպեր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին ուշադրութենէն, որ անոր յոբելեանին առիթով նիւթական պարգեւով սատար կը կանգնէր անոր համահայկական առաքելութեան իրականացման աշխատանքներուն:

«Ազդակ»-ի տպարանը հիմնովին վերանորոգուեցաւ եւ նոր սարքերով օժտուեցաւ շնորհիւ «Եռագոյն» ֆոնտ»ին եւ անոր հիմնադիր, մեր գաղութին ազգային, մշակութային եւ մամուլի առաքելութիւններուն սատար հանդիսացող այս գաղութի զաւակ Երջօ Սամուէլեանին, որ անվերապահ եւ անսակարկ ընդառաջեց մեր դիմումին եւ աջակցեցաւ մեր ծրագրին: Երջօ Սամուէլեանին գլխաւորութեամբ «Եռագոյն ֆոնտ»ը, արդէն 4-րդ տարին ըլլալով,  կը հովանաւորէ մեր մանկապատանեկան յաւելուածին հրատարակութիւնը` օգնելով ապագայ մարդուժի կազմաւորման առաջադրանքի իրականացման: «Ազդակ»-ի աւանդութիւնը փաստօրէն կը շարունակուի: Նուիրուածութեամբ յատկանշուող հաւաքական աշխատանք: Եւ` այդ հաւաքական աշխատանքին սատար հանդիսացող հիմնադրամներ եւ նուիրատուներ: Այս շրջադարձը կը պարտաւորեցնէ մեզ բոլորս` վերանորոգ նուիրուածութեամբ փարելու գործին եւ նոր նուաճումներ ապահովելու «Ազդակ»-ին:

Շնորհակալութիւն` «Եռագոյն ֆոնտ»-ին եւ վարձքը կատար անոր հիմնադիր Երջօ Սամուէլեանին:

4 դեկտեմբեր, 2011

 

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻԻ
ԱՐՏԱՍԱՆԱԾ ԽՕՍՔԸ

ՀՅԴաշնակցութեան Լիբանանի պաշտօնաթերթ «Ազդակ», իր հիմնադրութեան 85-ամեակի սեմին, ահա այսօր, Լիբանանի եւ համայն հայութեան կը ներկայանայ նոր նուաճումով մը եւս:

1970 դեկտեմբեր 2-ին 4 էջով լոյս տեսնող «Ազդակ» վերածուեցաւ 8 էջի, իսկ աւելի ուշ` 10 էջի:

8 էջի վերածուելէ ուղիղ 41 տարի ասդին, քիչ ետք մենք բոլորս ականատես պիտի ըլլանք տպագրական յաւելեալ սարքաւորումներով օժտուած տպագրական այս մեքենային «Ազդակ»-ի 23911-րդ թիւի ծննդոցին, որ այս անգամ ու այսուհետեւ պիտի ըլլայ գունաւոր:

23911 թիւ, 84 եւ աւելի տարիներու  ընթացքին, ամէն օր հրատարակուած, հազարներով բազմապատիկ տպաքանակ ու հազարներով բազմապատիկ ընթերցողներ: Հաշիւը կրնայ կորսուիլ, բայց արժէքն ու մնայունը կ՛ապրին:

Ընթեցողը ամէն առաւօտ, գաւաթ մը սուրճ ըմպելով, հանգիստ նստած, կը կարդայ «Ազդակ»-ը` ի՛ր թերթը: Հոն կը գտնէ իր փնտռածը, կ՛ուրախանայ, կը տխրի, կ՛ընդվզի, կ՛անդրադառնայ սխալներու, վրիպակներու, երբեմն կը հանդիպի իրեն համար անհաճոյ միտքերու, կը քննադատէ, ու վերջապէս, ընթերցումը աւարտելէ ետք, կը ծալէ թերթը եւ մէկ կողմ կը դնէ` սպասելով յաջորդ օրուան թիւին:

Իսկ թիւէ թիւ, առանց հաշուելու յաւելուածները, յատուկ թղթածրարները, առանձին հրատարակութիւնները, յիշատակի կամ տարեկան բացառիկները, նոյն ընթերցողը իր սպասման մէջ կը մտածէ՞ նաեւ, թէ ինչպէ՛ս կը պատրաստուին անոնք, սկիզբէն մինչեւ տպարան յանձնուիլն ու ցրուիլը, կը մտածէ՞ արդեօք, թէ ի՛նչ կը պատահի խմբագրական աշխատանքներէ ետք, ընդհանրապէս խոնաւ ու ընդյատակեայ այս տպարաններուն մէջ, ի՜նչ քրտինք, ուժ եւ կեանք կը սպառի հոս, որպէսզի ամէն ընթերցող յաջորդ առաւօտ դարձեալ գաւաթ մը սուրճի հետ կարդայ «Ազդակ»-ը, ուրախանայ, տրտմի, խանդավառուի կամ դիտողութիւն կատարէ:

Բախտը ունեցած եմ տարիներ առաջ մաս կազմելու այս խոհանոցի մեծ ընտանիքին: Տակաւին ռունգերուս մէջ կը մնայ հալող կապարի եւ մելանի հոտը, թերթի թուղթի հպումին առթած զգայնութիւնը, հին թելեքսի գործիքի մրճահարող հարուածներու եւ կապարը գիրի վերածող գրաշար սարքին մեղմ աղմուկը, էջերը քակելու եւ նորը կազմելու ընթացքին մետաղներուն հանած ձայնը եւ դեռ այս ու «Ազդակ»-ի հին նկուղանման տպարանին մէջ աշխատող, մեզմէ յաւէտ հեռացած գրաշարներուն, էջադրողին, ծանուցում տեղադրողին ընկերական ու կատակախառն կոչերը, «երկու տող փախած է» կամ «դեռ 5 տող լուրի պէտք  ունինք», «այսօր ծանուցում չկայ, երկար գրեցէք» արտայայտութիւնները:

Իսկ հիմա, թեքնիք զարգացումները, արդիական սարքաւորումները, ամէն օր արագ կշռոյթով փոխուող նորարարութիւնները, որոնք դիւրացուցած են աշխատանքները, չեն դադրիր պատճառ ըլլալէ, որ երախտապարտ չըլլանք բոլոր անոնց, որոնք տասնամեակներ շարունակ իրենց հոգին, միտքն ու սիրտը, տեսողութիւնը, առողջութիւնը տուին «Ազդակ»-ին, իսկ ուրիշներ իրենց նիւթական մասնակցութիւնը միացուցին տարուած ու տարուող հսկայ ճիգին:

Եթէ «Ազդակ»-ը այսօր 85-ամեակի սեմին նոր հանգրուան մը կը նուաճէր, այդ կատարուած է անցեալի բոլոր աշխատաւորներուն շնորհիւ: Տնօրէն ըլլան անոնք թէ խմբագիր, թղթակից, յօդուածագիր, թարգմանիչ, ծաղրանկարիչ թէ ժամանցի բաժնի պատրաստող, լուսանկարող թէ ծանուցումներ հաւաքող, տպագրիչ, գրաշար, էջադրող, ցրուիչ, քարտուղար, հաշուապահ թէ վարչական պատասխանատու. բոլորն ալ անուանի թէ անծանօթ խոնարհ հերոսներ` արժանի են մեր յարգանքին ու գնահատանքին:

Այս առիթով երախտագիտութեան մեր խօսքը կ՛ուղղենք «Եռագոյն ֆոնտ»ին ու անոր հիմնադիր ու միաժամանակ համեստ ծառայ Երջօ Սամուէլեանին, որ այսօր իրականացուց «Ազդակ»-ը գունաւոր հրատարակելու մեր բոլորին երազը: Շնորհակալութիւն նաեւ բոլոր անոնց, որոնք անցնող տարիներուն մասնակցեցան ՀՅԴ Լիբանանի պաշտօնաթերթ

«Ազդակ»-ի համահայկական եւ տարածուն թերթի մը վերածուելու շարունակուող ճիգին:

Լիբանանի մեր կազմակերպութեան նախավերջին Շրջանային ժողովին ընթացքին անդրադառնալով «Ազդակ»-ին տասնամեակներու յօդուածագիր ու մտաւորական ընկ. Ճորճ Աբէլեան առաջարկեց, որ մինչեւ 85-ամեակ «Ազդակ»-ը լոյս տեսնէ գունաւոր էջերով: Այսօր կէսօրէ ետք, ճակատագրի զուգադիպութեամբ, հողին յանձնեցինք մեր բոլորին սիրելի ընկ. Ճորճը, եւ 4 ժամ ետք լոյս կ՛ընծայենք, 85-ամեակի սեմին, գունաւոր «Ազդակ»-ը:

Վարձքը կատար բոլորին:

«Ազդակ»-ի երթը պիտի շարունակուի:

ՀՅԴ-ի հիմնադրութեան 121-ամեակին, այս է հայ մարդուն նուէրը Դաշնակցութեան եւ Դաշնակցութեան նուէրը` մեր ժողովուրդին:

 

Հայկական մամուլին հետ կապուած նման երեւոյթ կրկնակիօրէն ուրախացուցիչ է, որովհետեւ ընդհանրապէս այս ժամանակահատուածին մէջ գրաւոր մամուլը նահանջի մէջ է: Այս երեւոյթը կրկնակիօրէն ուրախալի է մասնաւորաբար այն առումով, որ «Ազդակ»-ը  իւրայատուկ թերթ է. այն նախ լիբանանահայութեան թերթն է, ապա ան իսկապէս ազատ թերթ է, հոն գոյութիւն ունին միտքերու բախում եւ տարբեր մտայնութիւններ: Երեւոյթը կարեւոր է նաեւ այն առումով, որ կարծես մենք ջուրի հոսանքն ի վեր կը լողանք, այսինքն պայմանները ամբողջութեամբ դէմ են նման հնարաւորութիւն ստեղծելու, բայց մենք կը ստեղծենք, անշուշտ այստեղ նուիրատուն ալ մեծ դերակատարութիւն ունի, բայց կարեւոր է, որ թերթը կայ, կ՛արժեւորուի եւ կարող է գնահատուիլ նաեւ նուիրատուներու կողմէն:

ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ
ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

***

Այսօր կը զուգադիպի ՀՅԴ.ի հիմնադրութեան 121-ամեակի տօնակատարութիւններուն: Բնականաբար այս ձեռնարկներուն շարքին «Ազդակ»-ի վերանորոգուած եւ գունաւոր տպող այս մեքենան մեզի յաւելեալ պատասխանատուութեան տակ կը դնէ: «Ազդակ»-ը պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը, որ ո՛չ միայն զուտ լիբանանեան մակարդակի առաքելութիւն մըն է, այլ նաեւ համահայկական մակարդակի` թէ՛ Հայաստանի մամուլին իր բերած աջակցութեամբ, թէ՛ սփիւռքի մեր գաղութներուն համահայկական թեմաները հասանելի դարձնելու իմաստով: Բնականաբար այդ առաքելութեան մէջ նորանոր յաջողութիւններու առիթ է նաեւ այս ներդրումը,  որ կատարուած է:

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷԻ
ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ ՅՈՎԻԿ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES