ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԱՍԻՐԱՑ ԵՂԲԱՅՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ. ՍԵՐԺԻԿ ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄԵԱՆԻ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՉԱԿԱՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Շաբաթ, 10 դեկտեմբեր 2011-ին Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցասիրաց եղբայրակցութեան կեդրոնի գաւիթին մէջ բացումը կատարուեցաւ Պէյրութ ժամանած հայրենի յայտնի լուսանկարիչ Սերժիկ Համբարձումեանի լուսանկարչական ցուցահանդէսին:

Սերժիկ Համբարձումեան սոյն ցուցահանդէսին հանդէս կու գայ 150-է աւելի լուսանկարներով, որոնք կը ներկայացնեն մասնաւորաբար Հայաստանի եկեղեցիները եւ յատկապէս Էջմիածինը, բնութիւնը իր գեղեցկութեամբ եւ գոյներու հրապոյրով, Արարատ լեռը, յայտնի սրբանկարներ:

Ցուցահանդէսի բացման խօսքին մէջ Ռուբէն Մանկասարեան բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ լուսանկարիչ Սերժիկ Համբարձումեանին, որ հաւատացեալի աչքով լուսանկարած է եւ իր լուսանկարները շնորհալի ձեւով ներկայացուցած արուեստասէր ժողովուրդին:

Ապա Մանկասարեան ներկայացուց յայտնի լուսանկարիչին կենսագրականը:

Խօսք առաւ Սերժիկ Համբարձումեան եւ ըսաւ, որ իր ունեցած տաղանդը Աստուծմէ տրուած շնորհք մըն է: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց, որ արուեստի այս գործերը կը գնահատուին եղբայրակցութեան կեդրոնին եւ հայ ժողովուրդին կողմէ:

Օրհնութեան խօսք ուղղեց Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ղեւոնդ քհնյ. Լոշխաճեան: Ան ըսաւ, որ «նկարը միջոց մըն է պատմելու Աստուծոյ փառքը, յատկապէս լուսանկարիչը հոգեւոր աչքով կը դիտէ եկեղեցին եւ բնութիւնը»: Ապա տէր հայրը փոխանցեց իր օրհնութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց ձեռնարկին:

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը բաց է մինչեւ կիրակի, 18 դեկտեմբեր 2011, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, կեդրոնի գաւիթը, Պուրճ Համուտ, ԱՖԷՏ-ի շէնքին կից:

 

Share this Article
CATEGORIES