1938-Ի ՏԵՐՍԻՄԻ ԿՈՏՈՐԱԾՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ԷՐՏՈՂԱՆ ՆԵՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԽՆԴՐԵՑ

Թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Թուրքիոյ նախկին իշխանութիւններուն կողմէ 1937-1938ին Տերսիմի մէջ յատկապէս քիւրտերու դէմ կատարուած կոտորածներուն համար պաշտօնապէս ներում հայցած է:

Էրտողան իր գլխաւորած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան չորեքշաբթի, նոյեմբեր 23-ին կայացած ժողովին ընթացքին Տերսիմի կոտորածներու մասին վկայող փաստաթուղթեր ցոյց տալով` յայտարարած է. «Եթէ հարկ է Տերսիմի կոտորածին համար պետութեան անունով ներում հայցել, ապա ես ներում կը հայցեմ:

Ձեռքիս մէջ եղող փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ 1936-ին, 1937-ին, 1938-ին եւ 1939-ին Տերսիմի մէջ տեղի ունեցած կոտորածներուն զոհ գացած է 13,806 մարդ», ըսած է Էրտողան:

Անդրադառնալով ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլուի այն յայտարարութեան, թէ Էրտողանի եւ հայկական սփիւռքին միջեւ մտայնութեան նմանութիւններ գոյութիւն ունին,  Էրտողան ըսած է. «Դուն զիս հայկական սփիւռքին հետ նոյն հարթութեան վրայ կը դնես: Կը ցաւիմ քեզի համար: Սակայն ես` Թուրքիոյ Հանրապետութեան վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանս, կը զգուշացնեմ քեզ. չա՛փդ գիտցիր»:

Էրտողան նաեւ Քըլըճտարօղլուին կոչ ըրած է իր կուսակցութեան անունով ներողութիւն խնդրելու Տերսիմի կոտորածներուն համար, նկատի ունենալով, որ Աթաթուրքին հիմնած այդ կուսակցութիւնը իշխանութեան վրայ էր կոտորածներու օրերուն:

Քըլըճտարօղլու յայտարարած էր, որ Էրտողան Տերսիմի դէպքերը կը շահագործէ եւ այդ ձեւով կ՛ուզէ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքին ձգած ժառանգութեան հետ հաշուեյարդար տեսնել: «Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կը շահագործէ Տերսիմի դէպքերը: Սխալած չեմ ըլլար, եթէ ըսեմ, որ ան կը մտածէ այնպէս, ինչպէս հայկական սփիւռքը: Շատ հաւանական է, որ մօտիկ ապագային մեր ազգին պարտադրէ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան պնդումները», ըսած էր Քըլըչտարօղլու:

1937-1938-ի Տերսիմի Ջարդերուն Համար Միջազգային Պատժական Ատեանին Դիմում կը Կատարուի Էրտողանի յայտարարութեան նախօրեակին, խումբ մը թուրք իրաւաբաններ Միջազգային պատժական ատեանին դիմելով` ժամադրութիւն ուզած են, որպէսզի քննուի 1937-1938 տարիներուն Տերսիմի մէջ կատարուած ջարդերուն որպէս ցեղասպանութիւն ընդունուելու կարելիութիւնը, կը յայտնէ թրքական «Էօզկիւր Կիւնտեմ» թերթը:

Իրաւաբանները կը հաստատեն, թէ այդ ցեղասպանութիւնը դեռ կը շարունակուի տարբեր ձեւերով: Անոնք այս դիմումով կը պահանջեն, որ Թուրքիա ներողութիւն խնդրէ, զոհերուն նիւթական եւ բարոյական հատուցում տայ, լեզուի եւ հաւատքի ազատութիւնը ապահովելու համար կարգադրութիւններ կատարէ::

Ըստ փաստաբաններուն, Տերսիմի ջարդերուն հետեւանքները տակաւին ապրող 200 հազար անձերու վնասուց հատուցումը կարեւոր սկիզբ մը պիտի ըլլայ անցեալի հետ առերեսուելու տեսակէտէն:

Տերսիմի ջարդերը Միջազգային Պատժական Ատեան տանելու գաղափարը ծագած է 2010-ին, Պերլինի նահանգային խորհրդարանին մէջ կայացած «Տերսիմ 38» համագումարին ընթացքին, ուր Էրտալ Տողան (Մալաթիոյ սպանդին եւ «Ակօս-ի դէմ բացուած դատերուն փաստաբաններէն), Էրեն Քեսքին (Թուրքիոյ մարդկային իրաւանց կազմակերպութեան փոխնախագահուհի եւ փաստաբան) եւ Պերի Ֆիշըր (Միացեալ Նահանգներէն, մարդկային իրաւանց մասնագէտ փաստաբան) որոշած են միասին աշխատիլ այս ծրագրին շուրջ:

ՏԵՐՍԻՄԻ ՀԱՅԵՐԸ

Մինչեւ 20-րդ դարու սկիզբ Տերսիմի բնակչութեան զգալի մասը հայ էր: Տերսիմի մէջ,  նախքան թրքացումը, հայկական եղած են նաեւ տեղանունները:

Թրքական յաջորդական կառավարութիւններու օրով քանդուած եւ գետնին հաւասարեցուած են Տերսիմի հայկական բոլոր եկեղեցիները:

Պատմութեան ընթացքին Տերսիմի շատ մը գիւղերու մէջ հայ եւ գըզըլպաշ բնակչութիւնները համերաշխօրէն կ՛ապրէին, մինչեւ իսկ գըզըլպաշ երեխաներ հայկական վարժարան կը յաճախէին եւ հայերէն կը սորվէին: Հայերը լեռնային տերսիմցիներու քիրվաներն (կնքահայր) էին: Օտար պատմաբաններ կը հաստատեն, որ 17-րդ դարէն սկսեալ Բիւրակնի, Սեբաստիոյ, Երզնկայի եւ Խարբերդի շրջաններուն մէջ ապրող հայեր, չդիմանալով օսմանեան թուրքերու ճնշումներուն, կը հաստատուէին Տերսիմ եւ կրօնափոխ դառնալով` կ՛ընդունէին ալեւիականութիւնը (իսլամական շիա յարանուանութեան մէկ ճիւղը):

Ցեղասպանութեան տարիներուն, տերսիմցիները ապաստան տուած են աւելի քան 40 հազար հայերու: Ցեղասպանութեան հանգրուանին Տերսիմ ապաստանած շատ մը հայեր ալեւի դարձած են` իւրացնելով տերսիմցիներուն ապրելակերպը:

1938-ին թրքական ճնշումներուն դէմ ծառացան տերսիմի ցեղախումբերը` Սէյիտ Ռիզայի գլխաւորութեամբ: Ըստ տերսիմցի արդի ժամանակներու մտաւորականներու, 1938-ի յեղափոխութեան տերսիմցիներու կողքին զէնք վերցուցած են դաւանափոխ դարձած հազարաւոր հայեր, իսկ ապստամբութեան տխուր վախճանին յաջորդող քեմալական բանակի ջարդերուն` տերսիմցիներու կողքին սպաննուած եւ ջարդուած են նաեւ հայեր:

Այսօր եւրոպացի կարգ մը պատմաբաններու կողմէ ընդունուած է այն տեսութիւնը, որ 1937-38 քեմալական ուժերու կողմէ ջարդուած են 70 հազար տերսիմցիներ եւ հայեր:

Մինչեւ 1915-ի Ցեղասպանութիւնը Տերսիմի տարածքին գործած են 45 հայկական եկեղեցիներ եւ 5 վանքեր:

Անցնող երկու տարիներուն շատ մը տերսիմցիներ սկսան վերադառնալ իրենց հայկական արմատներուն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES