ԹՈՒՐՔԻԱ ԵՒ ՄԱՐՈՔ ԻՐԵՆՑ ՄՕՏ ԴԱՐՄԱՆՈՒՈՂ ԼԻՊԻԱՑԻ ՎԻՐԱՒՈՐ ԸՄԲՈՍՏՆԵՐ ԿԸ ՎՏԱՐԵՆ
Թրքական իշխանութիւնները անյայտ թիւով լիպիացի վիրաւոր ըմբոստներ վտարեցին զիրենք դարմանող թրքական հիւանդանոցներուն մէջ արձանագրուած իրերայաջորդ բարոյական գայթակղութիւններէն ետք:
Լիպիացի ըմբոստներուն պատկանող կայքէջ մը հաղորդեց, որ անյայտ թիւով վիրաւորներ փոխադրող օդանաւ մը Թուրքիայէն ճամբայ ելլելով ուրբաթ օր էջք կատարած է Պենկազիի արուարձաններէն մէկուն մէջ գտնուող Պէյնինա օդակայան, սակայն ոեւէ լիպիացի պաշտօնատար չէ դիմաւորած վիրաւորները:
Քանի մը օր առաջ Մարոք եւս, լիպիացի գինով վիրաւորներու կողմէ հիւանդապահուհիներ բռնաբարելու փորձերու իրերայաջորդ դէպքերէ ետք, մարոքեան հիւանդանոցներու մէջ դարմանումի ենթարկուող վիրաւոր ըմբոստներ Լիպիա վտարած էր:
CATEGORIES Միջազգային