ԴԱՆԻՈՅ ՄԷՋ ԹՐՔԱԿԱՆ ՕԴԱՆԱՒԱՅԻՆ ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՀԵՏԱՔՆՆՈՒԹԻՒՆ ՍԿՍԱԾ Է
«Ֆըրաթ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ թրքական օդանաւային ընկերութիւններուն մէջ աշխատող 13 արտասահմանցի օդաչուներ քննադատութեան ենթարկած են ընկերութիւնը` նշելով, որ թուրք օդաչուներու մէկ մասը մասնագիտական բաւարար գիտելիքներ չունի, վատ կը տիրապետէ անգլերէնին, ինչ որ կրնայ արկածներու պատճառ դառնալ:
Արտասահմանցի 13 օդաչուներ հարցազրոյց տուած են դանիական «Փոլիթիքեն» օրաթերթին` յայտարարելով, որ թրքական օդանաւային ընկերութեան արտաքին յաջողութեան ետին լրիւ ուրիշ իրականութիւն կայ: «Թուրք օդաչուները անգլերէնի իրենց վատ իմացութեան պատճառով շատ յաճախ չեն կրնար հրամանները հասկնալ եւ թռիչքէն առաջ եւ ետք չեն կրնար կատարել անվտանգութեան առնչուած միջոցառումները», նշած են օդաչուները` յիշեցնելով թուրք օդաչուներու շարք մը սխալները: Դանիոյ հեռահաղորդակցութեան նախարար Հենրիք Տամ Քրիսթենսեն յայտնած է, որ «Փոլիթիքեն» օրաթերթին մէջ հրապարակուածին առնչութեամբ Թրքական օդանաւային ընկերութեան դէմ ծառայողական հետաքննութիւն սկսած է: Նախարարը նշած է, որ հրահանգած է ուսումնասիրել եւրոպական միւս երկիրներուն մէջ Թրքական օդանաւային ընկերութեան հետ կապուած պնդումները: