ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՄԼՈՅ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ԼԻՊԻՈՅ ԲՆԱԿՉՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ ՏՐԱՄԱԴՐԵԼՈՒ»
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Տիգրան Բալայեան` մեկնաբանելով Միջին Արեւելքի եւ Լիպիոյ մէջ տեղի ունեցող զարգացումները, «Յենարան» կայքէջին յայտնած է.
«Մենք ուշադրութեամբ կը հետեւինք Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն:
«Այդ շրջանը աշխարհագրականօրէն Հայաստանին բաւական մօտ կը գտնուի, այդ երկիրներուն մէջ կան հոծ հայ համայնք, այդ շրջանի ժողովուրդներուն հետ հայ ժողովուրդը ունի աւանդական բարեկամական կապեր:
«Մենք կողմ ենք, որ բոլոր հարցերը լուծուին երկխօսութեան, բանակցութիւններու, ներազգային համերաշխութեան միջոցով:
«Նկատի ունենալով Լիպիոյ մէջ ծաւալող զարգացումները` մենք կը պատրաստուինք անհրաժեշտութեան պարագային այդ երկրին բնակչութեան մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրելու»:
CATEGORIES Հայկական