«ՍԿԶԲՈՒՆՔԱՅԻՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՉԶԻՋԻՆՔ» Կ՛ԸՍԷ ՎԱՀԱՆ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ
Երէկ Ազգային ժողովի խմբակցութիւնները իրենց տեսակէտը ներկայացուցին ՀՅԴ-ի հեղինակած «Հայաստան ընտրական օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին» օրէնքի նախագիծին վերաբերեալ:
Ազգային ժողովի փոխնախագահ, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Սամուէլ Բալասանեան կարեւոր նկատեց ընդդիմութեան հետ համաձայնութեան գոյացումը` կրկնելով խորհրդարանական ընդդիմութեան բազմիցս կրկնած միտքը, որ անհրաժեշտ է քաղաքական կամք բնականոն ընտրութիւններ կատարելու համար:
Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւն խմբակցութեան ղեկավար Գալուստ Սահակեան մտահոգութիւն յայտնեց, որ իրեն իբրեւ ընտրող չեն հարցուցած, որ եթէ կ՛ուզէ նկարահանման տակ ընտրութեան մասնակցիլ: Ըստ անոր, ինք եւ միւսները այդ օրը պիտի մտածեն ինչ հագուստ հագնելու մասին: Ան ընդգծեց, որ ասիկա ճնշում է ընտրողին նկատմամբ, բայց միեւնոյն ժամանակ կը զգուշացնէ անոնց, որոնք կը փորձեն ընտրակեղծիքներով զբաղիլ:
Արդարադատութեան նախարար Հրայր Թովմասեան, որ քանի մը օր առաջ յայտարարած էր, որ կառավարութիւնը դէմ է այս նախաձեռնութեան, նշեց, որ եթէ անիկա դէմ արտայայտուած է, ատիկա չի նշանակեր, որ միւս նախագիծին մէջ արտացոլուած դրոյթները իրաւունք չունին իրականանալու:
ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ իրենք պատրաստ են համագործակցութեան, սակայն որոշ սկզբունքային կէտերու մէջ, օրինակ` ընտրացուցակներու հրապարակման հարցին մէջ, պատրաստ չեն զիջումներ կատարելու: