ՕՍԿԱՆԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ԱՅՑԵԼԵԼՈՒ ՐԱՖՖԻ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆԻՆ
Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարար, «Սիվիլիթաս» հիմնադրամի ղեկավար Վարդան Օսկանեան երէկ կոչ ուղղեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին այցելելու արդէն 8 օր հացադուլ կատարող ընդդիմադիր Ժառանգութիւն կուսակցութեան առաջնորդ Րաֆֆի Յովհաննէսեանին եւ յորդորելու զայն դադրեցնելու համար հացադուլը:
«Նկատի առնելով այն փաստը, որ ներկայ նախագահը 2007-ին տակաւին վարչապետի պաշտօնին մէջ այցելած է նշանաւոր բռնցքամարտիկ Իսրայէլ Յակոբկոխեանին եւ յորդորած է դադրեցնելու քաղաքական դրդապատճառներով սկսած հացադուլը, ապա կը կարծեմ, որ նախագահ Սարգսեան նոյն քայլին կրնայ ձեռնարկել Րաֆֆի Յովհաննէսեանի պարագային եւս: Այս քայլը պիտի նպաստէ Հայաստանի ներքաղաքական իրադրութեան բարելաւման, ինչպէս նաեւ ելք պիտի ըլլայ ստեղծուած իրավիճակէն», նշեց Վարդան Օսկանեան:
Ըստ անոր, հացադուլի իւրաքանչիւր օրը անդրադարձ կ՛ունենայ Րաֆֆի Յովհաննէսեանի (որ հաստատակամ է շարունակելու իր քաղաքացիական բողոքը) առողջութեան վրայ, եւ ատիկա օրէ օր աւելի յստակ կը դառնայ:
Վ. Օսկանեան ընդգծեց, որ իր այս քայլով Րաֆֆի Յովհաննէսեան կ՛արտայայտէ Հայաստանի բնակչութեան ստուար զանգուածի մը յուսահատութիւնը եւ հեռանկարի բացակայութիւնը: