ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՆՈՐ ԴԵՍՊԱՆԸ ԳԱՀԻՐԷ ՀԱՍՆԵԼԷ ԵՏՔ ԿԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐԷ. «ԵԳԻՊՏՈՍ – ԻՍՐԱՅԷԼ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆԸ ՏՈԿՈՒՆ Է»
Եգիպտոսի մէջ Իսրայէլի նոր նշանակուած դեսպան Եաքոպ Ամիթայ երէկ Գահիրէ հասաւ` փոխարինելու համար 10 սեպտեմբերին իսրայէլեան դեսպանատան դէմ կատարուած յարձակումէն ետք Եգիպտոսէն մեկնած նախկին դեսպան Իսհաք Լիվանոնը:
Ան Գահիրէի օդակայանին մէջ լրագրողներուն յայտնեց, որ կը յուսայ, թէ Եգիպտոսի մէջ իր պաշտօնավարութեան ժամանակաշրջանը երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան ծառայելու համար ըլլայ:
Պատասխանելով Եգիպտոսի մէջ իսլամական հոսանքի իշխանութեան նկատմամբ իսրայէլեան մտավախութեան մասին հարցումի մը` Ամիթայ արաբերէնով ըսաւ, որ Եգիպտոսի եւ Իսրայէլի միջեւ խաղաղութիւնը տոկուն է, որովհետեւ «հասարակաց շահերու վրայ հիմնուած է»: Ան նշեց, որ ինք վստահ է, որ երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութիւնը պիտի յաջողի, «որովհետեւ ի շահ երկու ժողովուրդներուն է»` աւելցնելով, որ «գործիս համար ամէնէն կարեւորը Եգիպտոսի եւ Իսրայէլի միջեւ խաղաղութիւնը ամրապնդելն է»: «Աստուծոյ կամքով` եգիպտական յեղափոխութիւնը պիտի յաջողի», ըսաւ Իսրայէլի նոր նշանակուած դեսպանը:


