ԻՍՐԱՅԷԼ ԼԻՊԻՈՅ ՄԷՋ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆ ՊԻՏԻ ԲԱՆԱՅ
Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Լիպիոյ մէջ «Իսրայէլի առաջին դեսպանը» շատ մօտիկ ապագային` ընկերակցութեամբ արաբ-իսրայէլացի բժիշկներու, լիպիացի ժողովուրդին նկատմամբ «բժշկական նախաձեռնութեան» ծիրին մէջ Լիպիա պիտի այցելէ:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ Թել Աւիւ Լիպիոյ Ազգային փոխանցման խորհուրդին հետ բանակցութիւններ կը վարէ` Լիպիոյ հետ կապեր հաստատելու եւ Թրիփոլիի մէջ դեսպանատուն մը բանալու նպատակով:
«Հաարեց» կը նշէ, որ «Լիպիոյ մէջ իսրայէլեան դեսպանատան բացումը պիտի կատարուի Քաթարի համագործակցութեամբ»:
Բրիտանական աղբիւրներ օրաթերթին հաստատած են, որ Ռաֆայէլ Լուզոնի ղեկավարութեամբ Բրիտանիոյ մէջ բնակող Լիպիոյ հրեայ համայնքէն անդամներ բրիտանական կառավարութենէն եւ Լիպիոյ Ազգային փոխանցման կառավարութենէն պաշտօնատարներու հետ հանդիպումներ կ՛ունենան:
Իսրայէլեան օրաթերթը բացայայտեց, որ Լիպիոյ մէջ Իսրայէլի առաջին դեսպանի թեկնածու դիւանագէտը տիւրզի մըն է` Ռասլան Ապու Ռաքուն, որ ներկայիս Միացեալ Նահանգներու Աթլանթա նահանգին մէջ Իսրայէլի փոխհիւպատոսի պաշտօնը կը վարէ: