ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի յայտնեց, որ երկրին մէջ քաղաքական կարգ մը ուժեր պետական նշանակումներուն շրջագիծին մէջ կը փորձեն իրենց հակակշիռին տակ առնել երկրին դատական իշխանութիւնները:
«ՆԱՇՐԱ» կայքէջը` իր տեղեկութիւնները քաղելով ապահովական ուժերու աղբիւրներէն, հաղորդած է, որ լիբանանեան բանակը կրցած է Պեքաայի մէջ գաղտնի լսումի վերաբերող լուրջ սարքեր գրաւել այն շրջանէն, ուրկէ «Լիպան լէ» գործարանի առեւանգուած տնօրէն Ահմետ Զէյտանը կրցած էր ազատ արձակել:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, զինուորական ատեանը ազատ արձակեց Ալամ ընտանիքէն չորս անդամներ, որոնք ձերբակալուած էին Իսրայէլի հաշուոյն լրտեսութիւն կատարելու յանցանքով:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ համախմբումը տակաւին չէ որոշած կառավարութենէն հրաժարիլ` աւելցնելով, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ յարաբերութիւնները չեն խզուած:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Տորի Շամուն շեշտեց, որ այս կառավարութեան կեանքը շատ երկար չէ` աւելցնելով, որ կառավարութեան մէջ ներդաշնակութիւն չկայ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Զիատ Ասուատ «Նաշրա» կայքէջին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ համախմբումին պայքարը երկար է եւ դժուար: Ան շեշտեց, որ կառավարութեան մաս կազմելու կամ անկէ հրաժարելու իրենց յանձնառութիւնը պարզապէս ժամանակի հարց է:
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի տեղեկատուական գրասենեակի պատասխանատու, իրաւաբան Սլէյման Ֆրենժիէ շեշտեց, որ իրենք կը փափաքին Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումին ներկայացուցած պահանջները քննարկել կառավարութեան նիստին ընթացքին:
ՌՈՒՄԻԷԻ բանտին մէջ հացադուլի դիմող արգելափակեալներուն թիւը հասաւ 478-ի:
ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան շեշտեց, որ լիբանանցիներուն նուազագոյն աշխատավարձը բաւարար չէ` աւելցնելով, որ իրենք կատարելապէս կը զօրակցին աշխատանքի նախարար Շարպել Նահհասի ներկայացուցած ծրագիրին: Ան աւելցուց, որ կառավարութեան նիստին ընթացքին Նահհասի ծրագիրը քուէարկութեան չէ դրուած:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի շեշտեց, որ երկրին դատական իշխանութիւններուն անկախ գործունէութիւնը բոլոր լիբանանցիներուն երաշխիք է:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼԻ երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը ետդարձ պիտի չարձանագրեն` աւելցնելով, որ իրենք պատրաստ չեն որեւէ զիջումի:
ՆԱԽ Լիբանան երեսփոխանական համախմբումի անդամ Մարուան Համատէ յայտնեց, որ Պէյրութ ներխուժող սեւազգեստ անհատները մօտիկ ապագային իրենք զիրենք պիտի գտնեն Լա Հէյի ճաղերուն ետին:
«ԽԱԼԻԺ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի կազմած է աշխատանքային յանձնախումբ մը, որ պիտի շարունակէ սուտ վկաներու թղթածրարին քննարկումը:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ առաւօտեան թռիչքներ գործեց ամբողջ Լիբանանի վերեւ: Թռիչքներ գործուեցան նաեւ Նապաթիէի, Իքլիմ Թուֆֆահի, Մերժահիունի եւ Խիամի վերեւ` խախտելով Լիբանանի գերիշխանութիւնը եւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի Եարզէի մէջ ընդունեց «Լիպան լէ» ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Ահմետ Զէյտանը, որ անցեալ շաբթուան ընթացքին առեւանգուած էր եւ քանի մը օր ետք ազատ արձակուած:
Զէյտան շնորհակալութիւն յայտնեց զօր. Քահուաժիին` զինք ազատելու նպատակով բանակին ի գործ դրած ջանքերուն համար: