ՎԱՐՉԱՊԵՏԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԵՐԿՐԻՆ ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ԲԱՐԳԱՒԱՃՄԱՆ ՆՊԱՍՏՈՂ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐՈՒ ԱՇԽՈՒԺՈՒԹԻՒՆ

Իտալիոյ դեսպանը եւ նախարար Ապպուտ կը ստորագրեն զբօսաշրջական մարզին մէջ համագործակցութեան համաձայնագիրը

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց շարք մը անձնաւորութիւններ, որոնց շարքին նաեւ տնտեսական խորհուրդներու նախագահ, նախկին նախարար Ատնան Քասսար:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան աշխատավարձերու յաւելման վերաբերող մանրամասնութիւններ, որոնց ծիրին մէջ նշուեցաւ, որ հաղորդակցութիւնները ընթացքի մէջ են հասնելու համար վերջնական լուծումի:

Միւս կողմէ, վարչապետարանին մէջ բացումը կատարուեցաւ Թրիփոլիի մէջ տնտեսական յատուկ շրջանին մասին ուըրքշոփի մը: Այս շրջագիծին մէջ ընդգծուեցաւ, որ հիւսիսային Լիբանանի մէջ այս շրջանը հաստատելու խորհրդարանին որոշումը կը միտի հիւսիսի եւ յատկապէս Թրիփոլիի մէջ տնտեսական աշխուժութիւն ստեղծել:

Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ այս ծրագիրը Թրիփոլիի մէջ միակը պէտք չէ ըլլայ` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է անոր կողքին մշակել նաեւ շարք մը այլ ծրագիրներ:

Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի հովանաւորեց նաեւ զբօսաշրջութեան մարզին մէջ փոխադարձ գործակցութեան համաձայնագիր մը, որ ստորագրուեցաւ լիբանանեան եւ իտալական կառավարութիւններուն կողմէ:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ երեսփոխան Պութրոս Հարպ, որ շեշտեց, թէ իրենք վարչապետ Միքաթիի հետ յարաբերութիւնը խզելու որոշում չեն տուած: Ան դիտել տուաւ, որ իրենք ժողովրդավարական են եւ ոչ թէ զինուած` ընդգծելով, որ իրենք ընդդիմադիր քաղաքական ուժեր են եւ ըստ օրէնքի ու յաւուր պատշաճի եւ քաղաքակիրթ կերպով կ՛արտայայտեն իրենց կեցուածքները:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին երեսփոխան Ժիհատ Սամատ:

 

Share this Article
CATEGORIES