ՄՈՒՍԱՈՒԻ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ԳՈՐԾԱԿԱԼՆԵՐՈՒՆ` ԱՆՁՆԱՏՈՒՐ ԸԼԼԱԼՈՒ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐՈՒՆ

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ ամերիկեան գաղտնի սպասարկութեան դերակատարութիւնը շատ վտանգաւոր է: Մուսաուի ընդգծեց, որ օդակայանի ապահովական կառոյցը հաստատած է, որ Լիբանանի մէջ ամերիկեան գաղտնի սպասարկութեան` «Սի. Այ. Էյ.»-ի լրտեսած տեղեկութիւնները ուղղակիօրէն կը փոխանցուին Իսրայէլին:

Մուսաուի բացայայտեց նաեւ, որ Լիբանանի մէջ ամերիկեան գաղտնի սպասարկութեան զինուորագրեալները իրենց հանդիպումները կը կատարեն Տըպպայէի եւ Ժունիէի գիշերային զբօսավայրերուն մէջ` կոչ ուղղելով բոլոր գործակալներուն անձնատուր ըլլալու լիբանանեան ապահովական կառոյցներուն կամ Դիմադրութեան ապահովական կառոյցին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES