ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ ՕՐՈՒԱՆ ԳՈՐԾԱԴՈՒԼԻՆ ՊԻՏԻ ՅԱՋՈՐԴԷ 27 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԳՈՐԾԱԴՈՒԼԸ

Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Ղասսան Ղոսըն երէկ նախագահեց համադաշնակցութեան նիստին, որուն աւարտին համադաշնակցութիւնը գործադուլի թուական յայտարարեց յառաջիկայ 27 դեկտեմբերը` բողոքելու համար կառավարութեան կողմէ կատարուած աշխատավարձի անարդար յաւելումի որոշումին դէմ:

Ղոսըն յայտնեց, որ այդ մէկը պիտի ըլլայ ընդհանուր գործադուլ, որուն ընթացքին ճամբաները պիտի փակուին եւ անիւներ պիտի հրկիզուին:

Միւս կողմէ, Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդի անդամ Հաննա Ղարիպ յայտնեց, որ սենտիքաները կառչած կը մնան յառաջիկայ հինգշաբթի օր իրենց կատարելիք գործադուլին:

Իր կարգին, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթիի հետ խորհրդակցութիւնները առկայ են` տօնական օրերուն աշխատաւորներուն նուէր մը տալու մասին:

Share this Article
CATEGORIES