ՄԱԺՏԱԼ ՍԸԼՄԷՆ ԱՐՁԱԿՈՒԱԾ ՀՐԹԻՌ ՄԸ ԹԻՐԱԽ ԿԸ ԴԱՐՁՆԷ ՀՈՒԼԱՆ

«Քաթիուշա»-ին թիրախ դարձած բնակարանը

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ նախանցեալ երեկոյեան ժամը 11:00-ին, Մաժտալ Սըլմ գիւղաքաղաքէն արձակուած է հրթիռ մը, որ ինկած է Հուլայի մէջ եւ ծանրօրէն վիրաւորած լիբանանցի կին մը ու գրեթէ ամբողջութեամբ քանդած անոր բնակարանը:

Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած բանակին մէկ զօրամասը ուղղուեցաւ դէպքին վայրը, ուր հետաքննութիւն բացաւ դէպքին եւ հրթիռարձակումը գործող պատասխանատուները բացայայտելու մասին:

Նշենք, որ բանակը այս առնչութեամբ տեղեակ պահեց նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը:

Նշենք, որ երէկ կէսօրէ առաջ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի այցելեց Նաքուրա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու հրամանատար զօր. Ալպերթօ Ասարթայի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան հարաւային Լիբանանի սահմաններուն հսկողութիւնը ամրապնդելու եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն ու բանակին միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները` նպատակ ունենալով ապահովական յաւելեալ կայունութիւն հաստատել շրջանին մէջ:

Զօր. Քահուաժի հաստատեց, որ Սուրի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն ֆրանսական ջոկատը թիրախ դարձուցած պայթումը եւ հրթիռարձակումի երկու միջադէպերը լիբանանեան բանակին դէմ գործուած յարձակումի համազօր ապահովական միջադէպեր կը նկատուին եւ կը հարուածեն հարաւային Լիբանանի կայունութիւնը:

«Նման ապահովական միջադէպեր ոչ մէկ ազդեցութիւն պիտի ունենան Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը գործադրելու բանակին յանձնառութեան վրայ: Մենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնենք բացայայտելու համար յարձակումը գործող կողմերն ու անոնց զօրակցողները», ըսաւ ան:

Share this Article
CATEGORIES