ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԸՆՏՐԱԿԱՆ ՕՐԷՆՔԻ ՆԱԽԱԳԻԾԸ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ կէսօրէ ետք նախագահեց կառավարութեան նիստին, որ գումարուեցաւ նախագահական պալատին մէջ` ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:
Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Միքաթի ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող հարցերը:
Կառավարութեան նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք յայտնեց, որ նիստին ընթացքին կառավարութիւնը վաւերացուցած է լիբանանեան քաղաքացիութեան վերատիրանալու օրինագիծը:
Տաուք նշեց, որ ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատի կառավարութեան ներկայացուցած է եուրոպոնտի վերաբերող հարցեր. ան աւելցուց, որ կառավարութիւնը շարունակած է քննարկել ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելի մշակած ընտրական օրինագիծը:
Տեղեկատուութեան նախարարը նկատել տուաւ, որ նիստին ընթացքին նախագահ Սլէյման շեշտած է ՖԻՆԻՒԼ-ը թիրախ դարձուցած պայթումին մասին հետաքննութեան շարունակումը եւ յանցագործներու բացայայտումը, յատկապէս նկատի ունենալով նախանցեալ երեկոյեան արձակուած «Քաթիուշա» տիպի հրթիռը, որ թիրախ կը դարձնէ բոլոր լիբանանցիները:
«Նախագահ Սլէյման ընդգծեց, որ լիբանանեան ապահովական ուժերը պատասխանատու են Լիբանանի տարածքին օրէնքի բանեցման, եւ ոչ ոք կրնայ այս կամ այն կողմին հովանիին տակ ապահով նման յանցանքներ գործել, որքան ալ բարձր ըլլայ անոր պաշտօնը: Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի իր կարգին երկրորդեց հանրապետութեան նախագահին կեցուածքը», ըսաւ Տաուք:
ՊԱԱՊՏԱՅԻ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐԸ
Նշենք, որ առաւօտեան նախագահ Սլէյման Պաապտայի մէջ ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպելը, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրավիճակը: Ան դիտել տուաւ նաեւ, որ երկրին ապահովական ուժերը պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնեն` պահպանելու համար ապահովական կայունութիւնը, յատկապէս տօնական օրերուն ընթացքին:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ երեսփոխան Պութրոս Հարպ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային առումով քաղաքական իրադարձութիւնները:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ նախկին նախարարներ Մունա Օֆէյշ եւ Եուսեֆ Սաատէ:


